Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/112

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մը ուսանած է Երուսաղէմի մէջ կուսակրօն քահանայ րԱալու մտադրութ՜եամբ, բայց հետագային փոխած է որոշումը։

Հոն, Երուսաղէմի հայող վանքին մէջ Հայկաղը աշակերտած է Յակոբ Օշականին։

Ահա փողոցէ մը կքանցնիմ, ուր կր հանդիպիմ Օշականի այս աշա­կերտին։ Այլափոխուած է - հագուստը, կօշիկները - ինչո^ւ կր զարմանաս, ըսաւ Հայկազ, ձկնորսութենէ կու գամ։ Լաւ որս ունիմ։ Վաղը գիշեր հիւրս ես։ Միասին ձուկ մը ուտենք։

Յաջորդ գիշեր իրենց տունն էի կնոջս հետ: Իրաւ համեղ ձուկ էր։ Սեղանին վրայ կային նաեւ խմիչքներու տեսակներ։

Լաւ գիշեր մըն էր։ Կերուխումի գիշեր մը, երբ Հայկազ ուրախութեամբ յայտարարեց ներկաներուն, որ կքուզէ իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Օշա­կանին մէկ անտիպ երկը հրատարակել, որպէս աշակերտի երախտա­գիտութեան նշան։

Օոլորը շնորհաւորեցին Հայկաղը այս ծրագրին համար։ Մինչ այդ, Հայկաղը յայտարարեց։ այս գործին դեսպանը Թորոսը պիտի ըԱայ։ Թող երթայ Պէյրութ, համաձայնի Վահէ Օշականին հետ։

Ընդունեցի։

Յաջորղող օրերուն շոգիացած խմիչքներու ն հետ մոռցայ Հայկաղին աոաջարկր, խորհելով, որ խմիչքի սեղանին շուրջ ըսուած խօսք մըն էր եղածը։

Պատահեցաւ սա կայն, որ Հայկաղը տեսնէ զիս քանի մը ան գամ ու ըսէ. Չկարծես, որ կատակ ըրի, ե^րբ պիտի երթաս տեսնելու Վահէ Օշականը, խոստումիս տէրն եմ։ Փառք Աստուծոյ գործս լաւ է։ Ֆապրիքս կ քաշխատի։ Ունիմ։ Կքոպ եմ ուսուցիչիս մէկ անտիպ գործը հրատարակել։

Խոստացայ երթալ Պէյրութ։ Գեղեցիկ օր մը ներկայացայ Հայկաղին, իր ֆապրիքին մէջ ու ըսի թէ յաջորդ օրը կր մեկնիմ Պէյրութ, Վահէ Օշականը տեսնելու համար։

ճամբուդ ծախսը տամ ըսաւ եւ տաս հազար սուրիական ալ կան­ խավճար։ Ունի*մ։

ո՛ւ– ըսի, երկու աոաջարկներուդ ալ պէտք չունիմ։ Երթամ, Վա հէն տեսնեմ, համաձայնութիւնը առնեմ, տպարանատէրերու հանդիպիմ, թուղթ, տպագրութիւն, եզրակացութեան մր յանգիմ ու քեզ տեղեակ պահեմ։ Գործր դիւրացած կ*րԱայ, չէ:

Աչքիս վրայ, ըսաւ Հայկազ։

Պէյրութ։ Համրա փողոց։ Ժամադրութիւն Վա հէ Օշականին հետ։

Ոարեկամիս՝ Երուանդ Յասանիին հետն եմ։ Վահէն մեզ ընդունեց անպատկառ ձեւ ոլ - տիտ անին վրայ կիսաերկար նստած։

Ես խանդավառ զեկոյց մր տուի Հայկազի մասին։ Վա Հէն ըսաւ, թէ