Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/115

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեծ մայր, ըսի, Հայաստանէն դեղ բերած եմ, ճիշդ այս պարագային համար:

Տուի: Մեծ մայրս րուժուած էր: Հայաստա Ղյր բուժած էր զինք:

Այդ սերունդը, տարագիր սերունդը ինքզինք սփիւռք չէր նկատեր:

Այդ սերունդը կ^ուզէր հայրենիք վերադառնալ: Այդ սերունդին րոլոր հիւանդութիւնն եր ը կարելի էր բուժել Հայաստանով:

Ուրեմն. մի զարմանաք, որ գրագէտներու նուիրուած այս գիրքիս մէջ, շարքին մաս կազմեցին մայրս, մօրենական մեծ հայրս ու մեծ մայրս: երեքն ալ կրնային գրագէտ ըԱալ, բայց...

Օր մըն ալ, 87տարեկանինք մեծ մայրս գնաց միանալ իր ամուսինին:

Հայոց գերեզմանատունին մէջն ենք: մահանան տխուր եղանակ մը կ^արտաբերէ արտօրանքով: Գերեդմանփորներր ուշացածեն կատարելու իրենց պարտականութիւնը; Մեր ներկայութեան կը փորեն ոչ կարծր հողը:

Մեծ մայրս պիտի թաղենք իր ամուսինին գերեզմանին մէջ:

Յանկարծ, մեծ յուդում մը կը պատէ դիս, մեծ հօրս պիջակը կը տեսնեմ: Հագուստէն կը ճանչնամ, որ այդ փոսին մէջ պառկոդը մեծ հայրս է: Որքան րռնած եմ այդ պիջակը, մեծ հօրս հետ խօսելու պահերուս: կը ծռիմ, կը ձեռնեմ հագուստի այդ կտորը, որ քանխ տարի պայքարած է հողին խոնաւութեան դէմ:

Զիս մէկդի կը քաշեն:

Խ րոպէին աչքիս կր զարնէ մեծ հօրս գանկը: կը զարմանամ: Մարդկային մարմինր, ուրեմն, նուազ տոկուն է քան կերպասը:

կը ցնցեմ զիս մէկդի տանող բարեկամներս ու գերեզմանին փոսին վրայ նետուելով կը վերցնեմ մեծ հօրս գանկը: Ցոյց կու տամ ներկաներուոն ու կըսեմ, տեսէք, ահա մեծ հայրս: Այս մնացած է մեծ հօրմէս: Պիտի տանիմ տունս, որ միշտ խօսիմ մեծ հօրս հետ, երբեք, երբՄք չմոռնամ զինք։

Ներկաները վրաս կր յարձակինՕժիշկ կըսեն, մեղք ունի: Մեծ հայրդ կրնայ չներել քեզի, չարքերուն լուր կու տայ, որ զարնեն քեզ:

Ւ՜*նչ կըսէք, կր պատասխանեմ, սա մեծ հայրս է, ես բժիշկ եմ, պի­տի տանիմ տուն, որ խօսիմ իր հետ, լսեմ իր ցասումն ալի հայհոյանքները մեզ տարագիր դար ձն ո զն եր ո լ հասցէին, լսեմ իր խելացի խրատները:

Հարիւրաեակ մր ձեռքեր ուղղուեցան դէպի մեծ հօրս գանկը գրկոդ ձեռքերս, կարծէք շարքերը իըենք ըլլային, զիս խեղդել ուդէին... առին ձեոքէս ու յանձնեցին հողին...

Զարքերը... խլեցին մեծ հայրս ձեռքէս; Այդ օրը երկու յուղարկաւորութեան ներկայ եղայ ես - Մեծ մօրս ու մեծ հօրս...

Մեծ հայրս կը թաղուէր երկրորդ անգամ... ու այս անգամ կնոջը հետ: Ուխտած էին միասին մնայ Միասին թաղուեցան...