Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/116

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեծ Հայրս, մեծ մայրս կտոր մր Հայաստան էին։

Այդ օՐ եւրկոլ կտոր Հայաստան թաղեցի... իմ ձեւորեւրովս

Հալէպ

Կանոնաւոր թղթակցութիւն կր պաՀէինք իրար Հետ։ Ահա կրկին դիր մր ղրկեցի իրեն։ Կարճ դիր մը, ինչպէս էմինը պիտի րսէր Հեռադիրի նման կարճ։ Սիրելի ՎաՀրամ, դուն երբ կիսես տուն կքերթամ, ի՞նչ կը Հասկնաս։ Զորս պատ ու առաստա՞ղ։

Ես, երբ կըսեմ տուն կքերթամ, կը հասկնամթէ կնոջս ու զաւակ­ ներուս մօտ կ՚երթամ։

Պատասխանը խիստ էր։ Դժգոհ էր նամակէս ամուրի գրագէտը։ ք^այց յանկարծ, նամակէս մէկ քանի ամիս ետք, կը ստանամ նոր երկտող մր.

- Սիրելի Թորոս, շուտով կը սկսիմ տուն երթալ կնոջս մօտ:

Այդ տողին այսպէս պատասխանելի.– Վահրսյմ, եթէ գիտնայի թէ աոաջին երկտողէս անմիջապէս ետք պիտի ամուսնանայիր, տարիներ առաջ կը գրէի աՏՂ երկտողը:

Իր նամակը, կր տեսնէք, աւելի կարճ էր։ Նշանուած էր։ Ամուսնացաւ։ Տուն ունեցաւ։ Տարագիրի տուն, որ կը նմանէր աքսո­րավայրի, բայց երջանիկ էր այս ամուսնութեամբ։ Երջանկութիւն մը, որ բաբէ՜, կարճ տեւեց։

Մեկնած էի Ապանիա։ Մատ բիտէն հեռախօսեցի Վահրամին, չօգոկենի^ս։ Իր ձայնն էր, Զէյթունի բարբառը չես գիտեր, մի գործածեր, բայց կեցիր, Թորոսին ձայնն է, ուրտեղէ^ն կը խօսիս։

Մատրիտէն, ըսի։

Լաւ, ըսաւ Վահրամին ձայնր, եկեր հասեր ես Մատրիտ, պուրժուա ճամբորդ, հապա ինչո^ւ չես ցատկեր էիզպոն, այնքան ալ հեռու Հենք իրարմէ։

Մարոք, արաբ բժիշկներու համագումարին պիտի մասնակցիմ։ Ժամանակ չկայ։

Հասկցայ, կ*ըսէ Վահրամ, երկար ճամբորդութեան մր ձեռնարկած ես, քանի որ կերեւի, սպառած ես գրելիք նիւթերդ, նոր նիւթ որոնելու ճամբուն վրայ ես։

Զարմանալիօրէն 1978ին Սպանիա-Սարոք ճամբորդութեանս մասին տող մը իսկ չգրեցի։ Պատճառր Վահրամին այդ խօսքն էր։ Հետագային, Ծառուկեանին պատմեցի մէկ քանի մանրավէպեր այդ ճամբորդութենէս։ Ինչո^ւ դրի չես առներ, ըսաւ բանաստեղծ խմբագիրը։ Պատմեցի իրեն