Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/118

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կէին։ Աւելի տխուր հարցեր։ ԶէTM որ Հայ ենք ու շնորհքով ուրախանալ չենք գիտեր:

Կը Հարցնեմ Վահրամին առողջութեան մասին: Տիկին Մավեան գան­գատներ ունի: Վահրամր շատ աղ կր գործածէ, կր բողոքէ ան: Այդ ԶարեՀ Որբուհիի բարեկամութեան ժառանգութիւնն է, կ քըսեմ: Ան է, որ կը թե­ լադրէր շատ աղ օգտագործել։ Իսկ դուն, ՎաՀրամ, կիսեմ, աղը քիչ օգտագործելու ես, աղի չարաշաՀումը վնասակար է քեզի Համար։

Երկաթի պէս եմ, կիսէ ՎաՀրամ երկաթի պէս. իսկ ինչ կր վերաբերի աղին, առանց աղի աչխարՀր Հան չունի...

Նշանացի, աղջկանս կը Հասկցնեմ, որ մեղ նկարէ։ Ինչու, չեմ գիտեր, այդ օրը շատ կԿւզէի, որ յիշատակի նկար մը ունենանք բոլորս: Աղջիկս ամչկոտ դուրս եկաւ: Մէկ ան գամ օգտագործեց լուսանկարչական մեքենան, Հոդ ալ ՎաՀրամը շատ յստակ չերեւար, ոսպնեակէն Հեռու, սեղանին գլուխր գտնուելուն:

Յաջորդ առաւօտ, ես Հալէպ պիտի թոչէի, ՎաՀրամը։ Լիղպոն: Ինքն էր Հեռախօսով կապուողր - Բաբի ճանապարՀ, Թորոն, դէպի մեր սիրելի բերդաքաղաքը Հալէպ: Նարօտս տար Հալէպ: Այս տարի պիտի գամ անպայման:

- Բաբի ՃանապարՀ ՎաՀրամ, աշխարՀին աղը աւելցուր, բայց մի պակսեցներ...

Երեք օր ետք... լսեցինք ոչ թէ ՎաՀրամին գալուստը Հալէպ, այլ իր մաՀուան գոյժը...

Երկաթէ առողջութեամբ ՎաՀրամ, այդ ի^նչ ըրիր...

Դուն, որ մեր ընկերութեան աղն էիր...

Հալէպ

Անուն մը: Ոմանց Համար Դորդեան Հանգոյց մը: Ինծի Համար մեր մայրենին շքեղօրէն գործածող մը, բառին լայն ընդգրկումով մտաւորական մը, գրագէտ մը:

Իր անունը կապուած է Սփիւռքի մէջ ստեղծուած արձակին վէպին ու պատմուածքին:

Տեսակէտ ունեցող մարգ: Մարգ մը, որ դիտել գիտէ, տեսնել գիտէ, ու տեսածը թուղթին յանձնելով Հոգիները փոթորկել գիտէ:

Բացէք սփիւռքաՀայ մամուլի կէսդարեայ էջերը ու դուք բազմաթիւ անգամներ պիտի Հանդիպիք նախ իր գրիչին ու յետոյ իր գրածները նիւթ ունեցող թեր ու դէմ կարծիքներու:

ԱՀա մէկը, որուն վաստակին առջեւ Հակառակորդն անգամ կը խոնարՀի: