Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/119

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատանի, կը կարդայինք նահանջը ապշանքով: Երիտասարդ ու հա­սուն մարդ, կը վերադառնանք Շահնուրին հիանալովիր ըսելու կերպերուն վրայ, իր ինքնաստեղծ հայերէն քառերուն վրայ, իր տրամաբանելու եղանակին վրայ, իր նախատեսող եւ արիւնող հոգիին եւ րնդհանրապէս մեր լեզուին այն նրբութեան վրայ, ուր Շահնուրով հասաւ հայերէնը։

Ամառ։ Իենեկալս Սիրականը, որ փարիզաբնակ էր, կիսէ, ելիր, ելիր Թորոս, քեզ Շահնուրին տանիմ։ Ասկէ աւելի մեծ նուէր չէի կրնար սպասել քենեկալէս։

Փարիզէն մինչեւ Սէն Ռափայէլ, հայ տարեցներու տունը, ինքնաշար­ ժը կը սուրար Հտյկ Նահապետի աղեզէն արձակուած նետին նման։

Չյողնեցանք, Սիրական։ Շահնուրր շատ աւելի յոգնած է պառկելով, հիւանդանոցներու մահճակալներուն վրայ։

Փարիզ մեծցած հայ մարդու այս հասկացողութիւնը կը յուզէ զիս։

Կը մտնենք Սէն Ռափայէլ։ Կը ներկայանանք անօրէնութեան ու կը յայտնենք Շահնուրր տեսնելու մեր ցանկութիւնը։

Տնօրէնը սիրալիր կինդունի մեզ, կը հիլրասիրէ, բայց կարծէք քիչ մր խպնելով կաշխատի նախապատրաստել մեզ հոգեպէս, մերժումի անակնկալին համար, որուն կրնանք հանդիպիլ Շահնուրին կողմէ։

Ըոլոր եկողները չէ, որ կ*ընդունի անուանի գրագէտը, կիսէ Տարեցներու Տան Տնօրէնը։ Պահեր կան, որ կը մերժէ ընդունիլ ոչ միայն անծանօթներ այլ սիրելի՝, ծանօթ դէմքեր։ Երթամ փորձեմ։

Կը վերադառնայ ճառագայթելով։ Կը հասկնանք, թէ ընդունուած ենք։ Տնօրէնը, բախտաւոր էք կիսէ, ուղղակի բախտաւոր, աճապարեցէք, տրամադրութիւնը բարձը է, սա աստիճաններէն կ*եըէք առաջին յարկ, աջին առաջին դուռն է։ Դուռը րաց է, ելէք շուտ։

Հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրած եմ Երեւանէն Սէն Ռափայէլ հասնելու համար։ Ահա այս երկու տասնեակ աստիճանները դժուարաւ կը բարձրանամ։ Սիրտէս բարձրացող յուզումը կը պատէ ամբողջ մարմինս։ Քիչ ան գամ պաշարուած եմ յուզումի այսպիսի վերընթաց ու շրջա պատող ալիքներով...

Երբ կը հասնիմ դրան առջեւ, զանգը տալու անհրաժեշտութիւնը շեմ ունենար։ Հոն է Շահնուրր, մահճակալին վրայ կիսապառկած, կը նա­ յի դուրս։ Կերեւի կր հետեւէր մեր ոտնաձայներուն: Հրամեցէք, կիսէ, հրամեցէք, առանց արարողութեան...

Կը մտնենք նեըս: Ինք կ՚ուղղուի, ոտքեըը կը կախէ մահճակալէն վար ու գաւազան մը ձեռքին կքուզէ կանգնիլ։ Կքողջագուըուինք։ Ինչ պահ է այդ, խերն եմ անիծեր, լեզուս կապ ինկած է։ Որքան ըսելիքներ ունիմիրեն, որքան...

Ըսին Հայաստանէն կու գաք, ճթշդ է։ Այո, ես Հայաստանէն կու