Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/122

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ասելի ու անասելի բոլոր մտածումները; Եղիան, այստեղ մերկ է Ադամի նման, այն Ադամին, որ չէր ծածկուած թզենիի տերեւներով։

Կու տամ քեղի այս գիրքր։ Տար Հայաստան։ Թող տպեն։

Աեռքս դողով մը կ՚ուղղեմ գիրքին, ու ձեոքս կը մնայ օղին մէջ։ Զէ, չեմ տար, ըսաւ Շահնուր. եւ արագօրէն գիրքր զետեղեց հոն, ուրկէ վեր­ցուցած էր։ Ձեռքս օգին մէջ էր։

Գիտելս ինչո՞ւ չեմ տար, մի նեղուիր, Հայաստանի մէջ այս գիրքր չեն տպեր, կը մնայ դարակներու մէջ։ Իմ մօտս ալ դարակի մէջ է, բայց դուրէ օր մը մէկը վերցնէ ու տպէ։

Ես, հոս, արտասահմանի մէջ տպագրել կու տամ ըսի։ Ար համա­ձայնինք, ըսաւ, երբ որպէս բժիշկ վկայուիս, աշխատիս ու դրամ շահիս։

Ո՞ւր մնաց այդ գիրքր չեմ գիտեր։

էրկրորդ տեսակցութեան աւարտին, կ*ուզէի լուսանկարել Շահնուրը, հետս մեքենայ մը տարած էի։ Զեմ արտօներ, ըսաւ։ Լուսանկարուիլ չեմ ուզեր։ Ես, որ ոչ միայն զինք լուսանկարել կ*ուզէի, այլ կքուզէի լուսանկարուիլ ալ, իր հետ։ Այդքան մր փառասիրութիւն ներելի չէ՞ք գտներ, ըսի։ կարծր ոչ մը եղաւ պատասխանը։

Ձես թողուր որ գրեմ, չես թողուր որ լուսանկարեմ, այս ի՞նչ է, ար­դէն ջղայնացայ ես։ Այո, նկարելր կրցար արգիլել, բայց գրելը չես կրնար, անպայման պիտի գրեմ։ Բայց վստահ կրնաս րըալ, չեմ գրեր նոյնիսկ աւելորդ մէկ բաո։

Ցտեսութիւն։

Մեր բաժանումը սիրալիր չեղաւ։ Լոյսը ստուեր պիտի ունենար, չէր կրնար չունենալ... Զէ՞ որ ճիչդ է, այն միտքը, որ կը հաստատէ - Լոկ արեւն է անստուեր...

1971ին, Հալէպի մէջ գիրք մը հրատարակեցի, որմէ տասնեակ մը օրինակներ ղրկեցի մեծ գրագէտին «Վերստին կարդալով Շա հ ան Շահնուրր », այդ էր գիրքիս անունը։

Շուտով նամակ ստացայ Շահնուր էն, նամակ մր, զոր սրբութեւամբ կը պահեմ։

9քած էր.- Ուրեմն տակաւին կան մարդիկ, որոնք Շահնուրր չեն մոռցած ու գիրք ալ կը գրեն իր մասին։ կիրքիդ ժէջ կան էջեր, ուր կը խօսիս այնպիսի գրութիւններուս մասին, որոնց գոյութիւնը մոռցած էի ես։ Թորոս, հոգ տար լեզուիդ։

Իսկ ես, պատասխան նամակիս մէջ գրեցի.– Սիրելի Շահնուր, կատաղօրէն կը նախանձիմ լեղուիդ։

Ո՞ւր է Շահնուրին հայերէնը։

Ու այս էջին համար ահա վերջին մտածում մը,-

- Սփիւռք, Շահնուրր երգեց նահանջդ։ Տեսաւ, ապրեցաւ նահանջդ, նախատեսեց նահանջդ։