Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/123

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սփիւռք, պնդէ գօտիդ, երդէ, ստեղծագործէ, որ տեղ մը, սիր ած զաւակդ սխալած ըլլայ, Շահնուրր սխալած ըԱայ...

Սխալած ըԱւռյ...

Հալէպ

Դուք դինք կր ճանչնաք «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերականէն: Ես դինք կր ճանչնամիր պատմուածքներէն, որոնք ունին Համն ու բոյրը բանաստեղծութեան, զինք կր ճանչնամ իր Հեքիաթներէն ու հեքիաթային կեանքէն։

Հիմա Հկայ։ Հեքիաթ մըն ալ ինքն էր - Սիրան Սեղան...

Պէյրութի մէջ ակումբ մը ունէինք։ եր կրէր Ոագրամեան ղօրավարին անունը։ Անո^ւնը բարձրացնել կքուղէինք թէ այդ անունով կր բարձրա­նայինք։ Ու այդ ակումբը ունէր Լիբանանի ֆութպոլի զօրաւորագոյն կազմերէն մէկր։

Շրջան մը, այդ ակումբին պատասխանատուներէն մէկն էի։ Եթէ ձկնորսը ֆութպոլէ կր հասկնայ, ես ալ կր հասկնայի։ Ֆութպոլը ինծի համար տարօրինակ աչխարհ մըն էր...

Ոայց ահա, որոչեցինք դասախօսակաԱ երեկոյ մը կազմակերպել, չկարծէք ֆութպոլիստներուն համար։ Անոնցմէ մէկ քանին կրնային գալ. կու գային։ Որոչեցինք Տիկին Սեղան ունենալ որպէս դասախօս։

Պարտականութիւն առի տեսնել գրագիտուհին եւ առնել իր հաւ անութիւնը։ Արեւմտեան Պէյրութ կր բնակէր Սեղան։ եը զանգահարեմ, կր ժամադրուիմ։

Դրան զանգ։ Սնկոտ աչքերով, գիչերանոցով դուռը բացողը կիըայ նոյնինքն գրագիտուհին ու գրեթէ կր յարձակի վրաս.– Ե*նչ չուտ եկար, հրդեհէ փախածը, քիչ առաջ հեոախօսեցիր եւ հոփ, շունչդ դրանս գանգին վրայ առի^ր։ Ես այս ձեւով քեզ չեմ կրնար ըն դուն իլ։ Որպէս պատիժ, ժամ մը սպասէ այստեղ, երբ պատրաստ ըըամ, քեզ կր կանչեմ։

Դուռը փակեց գրագիտուհին ու ես մնացի դուրսր։ Մնացի ու երեխայի պէս, այսինքն հնազանդ երեխայի պէս, մնացի դրան առջեւ, իսկապէս պատմուածի երեւոյթով։ Զիս տեսնողը կրնար խղճալ վրաս...

Ժամ ու կէս ետք դուռը բացուեցաւ։ Դուռը բացողը, այո, կին մըն էր. րայց... բոլորովին տարբեր մէկը, մանկամարդուհի մը...

Զայնը իրն էր սակայն, Սեզային ձայնը, որ կիսէր.–Ահա, ես մարդիկը այսպէս կինդունիմ ոչ թէ գիչերանոցով, հասկցածը։