Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/126

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Լոկ ակնթարթ մը միայն. Բայց քրնչ բերկրանք Հաստատել, Որ ակնթարթը ան գամ քեզմով յաւերժ է արդէն... Ծափահարեցին։ Զանաստեղծր ըսաւ, հեղինա^կր, ս՜վ է այս քերթըուածին հեղինակը։ կամացուկ մը, ես եմ, ըսի։ Ծ մեր լուսանկարիչը բանաստեղծ ալ է եղեր ըսին ու բոլորս բաժակները լեցնելով խմեցինք, երջանկութիւն մաղթեցինք ղոյգին։

Այդ օրուան թուականը մոռցած եմ։ Գեղարդը պէտք է լաւ յիշէ։

1974ին, Պէյրութի մէջ կայացաւ հայ բժիշկներու միջազգալին առաջին համագումարը։ քաղաքացիական բախումները սկսածչէին։ Այդ պատմական ըըալու կոչուած հանդիպումը կազմակերպողները լիբանա– նահայ բժիշկներն էին։

Համագումարէն ետք, 3 Գեղարդ, մօտենալովինծի, խնդրեց ունենալ ելոյթս, որ հայ ըժշկադիտաթեան պատմութիւնը ունէր որպէս նիւթ։ Վեր­ցուր ու տպեց իր խմբագրած «Զժիշկ» ամսագրին մէջ։

Տարիները սահեցան արադ։ Պէյրութը անկէզ մորենիի նման մնաց բոցերու մէջ ահա արդէն տասներկու տարի, րայց Յարութիւն Դազանճեանը մնաց հոն, ինչպէս կ իսեն պատնէշի վրայ։

Զաւակները մեծցած են, կ*ուսանին արտասահմանի մէջ։ Զաժանում ու կարօտ։ Սա, ամէն հայու բաժինն է, երբ հեռու կապրի հայրենի հողերէն:

Ամէն Պէյրութ երթալուս, երբ յաջողիմ Արեւելքէն անցնիլ Արեւ­մուտք, կայցելեմ Դեղարդր։

Այս ան գամ դարձեալ հոն եմ, կու տամ դանգը իր դարմանատան դուռին, ետելէն կղպած է դուռը, այս ալ ժամանակի պահանջքն է։ կողջագուրուինք։ «Զժիշկ»իդ համար յօդուած մը բերած եմ, կըսեմ. Հայ Զժիշկներ ու Միջազգային Երրորդ Համագումարին րնթացքին ունեցած ելոյթս։ կը հետաքրքրուի նիւթով։ «Ցաւը Դարերու Ընդմէջէն» ահա նիւթը։ կը վերցնէ, րայց գիտես, կիսէ, մեր այժմու պայմանները, եթէ ուշ տպադրա ի նիւ թգ, չնեղու իս։

կր փսխեմխօսակցութեան ուղղութիւնը։ Ւ^նչ է, կիսեմ, ուղիդ զար­մանա տ ունիդ դէմն ու դէմը հայկական նոր ակումբ մը բացուած է. ՀըԱայ մրցումի համար է։ Այո, կիսէ, ընկերներդ են, նոր ակումբ մը հիմնեցին «Դրական Նրջանակ»։ Այս օրերուն, փոքր ուրախութիւն մը չէ, մանաւանդ Արեւմտեան Պէյրութի համար, ուր զէնքերու շաչիւնը գումարուած է տարապայման անապահովութեան վրայ, ունենալ գրական ակումբ։ Ամէն օր մեռնողներ եւ գրականութիւն... ահա հայր։ Թող իմանան, թէ բոցերու մէջ ալ, մահուան մէջ ալ հայը կեանք կը փնտռէ, կեանքը կ*երգէ։

3Հ Դեղարդր հոն է, այդ բոցերուն մէջ, այդ կեանքին մէջ։