Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/127

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տղայ հասակէս, այս անունը կը կարդայի հայերէն լեզուի դա սա՜ գիրքերու ճակատին: եր սիրէի մեր դասագիրքերր։ Այս անունն ալ կապւած մնաց սիրած գիրքերուս:

Տարիներ ետք, երր այլեւս հասակ առած էի, ճանչցայ բազմավաստակ ուսուցիչը Պէյրութի մէԵրբեմն, իրենց տունն ալ կքերթայի թէք Անդր Նահրի, թէ Ս. Նշանի կոդմերր եդոդ տունը:

Շատ դիր բեր խմբագրած է Օննիկ Սաբգիսեան, րայց ի վերջոյ եդած է խմբագիր «Շիբակ» գրական ամսագիրին:

Ուրիշներուն գործերը խմբագրելով մազ մօրուք ճերմկցնող մըն ալ այս մարդը եդաւ: Շատ ըսած եմ իրեն, Օննի*կ, սիրելիս, գիրք մըն ալ քեզմէ խմբագրէ։ Ան միշտ կը կարծէ թէ ժամանակ կայ։ Հունա՜, արեւը Միջերկրական ծովը իջնել կր սկսի, ո**ւր մնաց ժամանակր; Իր կինն ալ այս ցաւով մեռաւ:

Կերթայի իրենց տունը ու Տիկ. Սարգիսեանր կիսէր ինծի.– Թորոս, մարգս քու խօսքիդ կարեւորութիւն կու տայ, ըսէ թող ղրէ՛

Օննիկ, կ ի սէի, ուրիշ կիներ տ դա մարգէն դրամ կր պահանջեն, այս կինը կը պահանջէ, որ գրես, ալ ի*նչ կնւգես, նստէ գրէ։

կարդացած էի իրմէ թէ/ Վահեանի «Անի»ներուն, թէ* իր իսկ խմբագրած «Շիրակ»ի էջերուն, գրական վերլուծական գրադատական յօդուածներ Օ.Ս. ստորագրութեամր:

Մարդ Աստուծոյ, երբ այդպէս կրնաս վերլուծել, ինչո^ւ չգրես։ Օր մրն ալ իրմէ երկու էջ կարդացի Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան քառասնամեակին նուիրուած հատորի մը մէջ: Գրութեան վերնագիրր չեմ մոռցած «Ես Հարա ստ Եմ»։ Եզբայր, այսպէս հարուստ հայերէն մը ունիս, այսպիսի ոչ սովորական գրութիւն մը կրնաս գրել, ինչո^ւ չես գրեր։ Ինչո^ւ Մեսրոպեանիդ այդ գեղեցկութիւնը միայն քեղի կը պահես:

Արդէն մեր լեզուն ալ քեզմէ դժգո հելու պիտի սկսի եւ ինծի միանալով քեզի ծոյլ պիտի ըսէ, եթէ յամառիս չգրել։

Վերջերս դարձեալ Հալէպ եկած էր Օննիկր եւ «Շիրակ»ին համար աչխատակցութիւններ կր խնդրէր ասկէ-անկէ:

Ինձմէ ալ խնդրեց։ Պատրաստած էի երկարաչունչ յօդուած մը Վարդգէս Պետրոսեանի ել Խաչիկ Ղաշտենցի «Ռ ան շպարներ »ուն մասին:

Ելանք միասին գացինք իր քրոջը եւ քեռայրին Աֆրինի կողմերը գտնուող այգին: Լաւ օր մը անցոլցինք հոն։ կարդացի յօդուածներս ու վերջը յանձնեցի իրեն։ կր տպեմ, ըսաւ։