Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/137

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըԱար ուրիշ հենքէ մէկը, կրնար կործանել Դարեանր: Բայց այս հենքը հայկական գորգագործութեան րոլոր գոյներր կը խտացնէր իր մէք ունէր գոյնը որդան կարմիրին եւ ուրեմն, Դարեանր դարձաւ առաւել պայծառ: Արմէն Դարեանր ովասիս մըն է մեր անապատացող կեանքի բա­ցատին վրայ:

Ինչ լաւ է, որ կա*ս, Արմէն Դարեան:

Քառասուն տարեկան չկար, երբ դինք ճանչցայ: Տարին 1944 էր։ Ես, Մելգոնեան եր քմական Հաստատութեան սան ընդունուած էի։

Վա Հէ-Վ ահեանը, մեր հայ գրականութեան դասախօսն էր: ե^ուսուցանէր նաեւ ֆիզիքա: եր բացատրէր մեղի հողին ծակոտկէնութեան, խորութեան, խաւերուն, հողին մէք պահուած խոնաւութեան եւ թուփերու, տնկիներ ու հողէն սնուելու կարելիութիւնն երբ: Մինչ ինք մեղի սնունդ կը ջամբէր հայ գրականութեան ճամբով:

եիպրոսր մեր հողը Հէք, որ մեղի սնունդ տար: Մեր Հողը հեռուն էր, Հայաստանն էր։ Վահեանր մեղի կը սորվեցնէր հողին արժէքը թէ/որպէս գիտութիւն՝ ֆիգիքա, թէորպէս հոգեկան հարստութիւն, հայ մնալու եւ տեւելու գիտակցութեամբ:

Հեռաւոր այդ ափերուն վրայ հայ գրականութիւնը մեղի համար կը դառնար հող, դարաւոր արժէքով ու բաւարար ծակոտկէնութեամբ ու խոնաւութեամբ հող, ուրկէ կը ստանայինք մեր սնունդը Վահեանիշունչով իր հայեացքին տակ։

Բանաստեղծը մեղի սորվեցուց գիտութիւնը կապել գրականութեան եւ փոխադարձաբար; Մենք զգացինք, որ գրականութիւնը պատկերներու շարահարոլմը չէ, բանաստեղծութիւնը, ոտքի, յանգի, յամրի յարմարումը չէ, նաեւ ոգի է, նաեւ գիտութիւն է։

Վահեանր որքան խիստ էր գիտութեան դա սին, նոյնքան խիստ էր գրականութեան դասերուն համար։

Ամենօրեայ մեր տեսակցութիւնները իր հմայքէն ոչինչ կը պակսեցրնէին: Ան, Վահեանը, կը վայելէր ամբողջ ուսանողութեան համրնդհանուր սէրը։

Ահա գրականութեան դասն է։ Վահեանր կը խօսի գաւառական գրականութեան մասին ու մեր աչքերուն առջեւէն աստուածներու պէս կը տողանցեն հայ դիրի վարպետները՝ Թլկատինցին, Զար դարեանր, Արտաշէս Յարութիւնեանը, այսինքն՝ Մալկարացի Վարօն, որ ամբողջ գրա­դարան մը կուլ տուած էր, որ միայն քառամեայ ուսում ունէր, բայց գիտէր