Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/139

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը հրաւիրուի Կիպրոս։ Կանուխէն կողմնորոչուած մարդ է։ Այսինքն իր բոլոր յոյԱերր կապած Խորհրդային Հայաստանին։

Ւ^նչ է գրոդր։ Իր ժողովուրդին առաջնորդը։ Գրող մը ո**ւր պէտք է առաջնորդէ իր ընթերցողները: Գէպի հողը։ Սրբազնագոյնը մեր բոլոր ունեցա ողմնորոշեց դէպի այդ հայրենիքը։

Ու Վահեանը, ի պատիւ իրեն, իր ուսանողները յստակօրէն կ ծներուն։ Մայրը մեր մայրերուն ու հայրերուն։ Հող մայրենին։

եը յիշեմ, օր մը, ձեռքիս տեսաւ Մարքսի «Կապիտալ»ը ու հարց տուաւ, ի^նչ է այդ։ Ցոյց տուի կողքին վրայի կարմիր տառերը, այսինքն անուանաթերթը։ Դասերէդ ետ չմնաս, ըսաւ, կարդա, րայց ոչ դասերուդ հաշւոյն։ Դուն ուսանող ես, նախ դասերդ։

Խորհրդային Միութիւնը, ուրեմն նաեւ մեր հայրենիքը, դուրս եկած էր յաղթական պատերաղմէ մը։ Այդ յաղթանակին համար երկիրը շատ, շաւո սուղ դին վճարած էր։

Ընդհանուր խանդավառութիւն մը կալեկոծէր Սփիւռքը։ Կը կազմրւէին միութիւններ։ Կիպրոսի մէջ ալ կազմուեցաւ Հ<Հայաստանի Ըարեկամաց Սիութիւն»ը։ Վահեանը, այս միութիւնը ոգեչնչողն էր, կազմա­կերպիչներէն մէկը։ Մեր ուսուցիչներէն իր հետ էին Գոկտ. Մելքոն Բրիշչեանը, անմոռանալի Յակոբ Աճէմեանը։

Ահա Օր մը, Պըն. Գեղամ Տանձիկեան, մեր գիտութեան ուսուցիչներէն մէկը, մտաւ դասարան եւ յայտարարեցԻ՜նչ ըսել է Հայաստանի բարեկամ, ես Հայաստանի բարեկամչեմ, անոր զաւակն եմ։

Ատիկա խօսելու ձեւ մըն է, պարոն, ըսի ես, նախ բարեկամ եղէք, յետոյ զաւակ կ*ԸԱաք։ Վճարեցի այս խօսքիս համար։ Յաջորդ դասիս երբ պատասխանեցի բարձը նիշ չկրցայ ապահովել։ Ու մեր պարոն Տանձիկեանը նիշերու տոմարին մէջ անցնող վեցը, ձեռքովս նշանակել տուաւ։

Գիտէի, որ Վահէ-Վահեանին համախոհ մէկը չէր այս ուսուցիչը։

Ու ա հա. Վահեանր, ստիպուածլքեց Կիպրոսը ու մեկնեցաւ Պէյրութ, հրատարակելու համար «Անի» գրական ամսագիրը, որ կը մնայ երեւոյթ սփիւռքահայ մեր գրականութեան մէջ։

Կը յիշեմ, 1945 թու ականի Նոյեմբերի 29ին, Վահեանին ելոյթը Հա­յաստանի խորհրդայնացման 25ամեակին առիթով։ Օրուան հանդիսութեան կը նախագահէր մեր ամէնէն սիրուած՜ ուսուցիչներէն մէկը Յակոբ Աճէմեանը: Տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար Նիկոսիոյ Փափատոփուլոս սինեմասրահին մէջ։ Վահեանին ելոյթի միջոցին, վարէն էկը» սրահով մէկ պոռաց, պռաւօ... Վեքիլեանն էր, Պրն. Աճէմեանին շատ սիրելի բարեկամը, րայց հակառակ այդ իրողութեան, Պրն, Աճէմեանը դէպի ձայնը ուղղելով մատր, սաստեց բացագանչողը եւ կարգի հրաւիրեց զայն։