Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/141

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէլեանը եկաւ կանգնեցաւ Պրն. Պէտելեանի կողքին ու անոր ականջին փսփսաք բաներ մը։

Պրն. Պէտելեան դադրեցուց մեր երգելը եւ ըսաւ.– Տղաք, Պրն. Շէօհմէլեանը, այս երդը, երէկ գիշեր լսած է երեւանի ռատիոկայանէն, հոն, աւելի աշխոյժ երգած են, ուրեմն, դուք ալ երգեցէք աւելի աշխոյժ։

Այդպէս ալ ըրինք։ Յաջորդ օրը հասկցանք, որ մեր անգլերէն լեցուի ուսուցիչը չէ ունկնդրած ոչ մէկ ռատիոկայան, պարզապէս ուզած է, որ հայ երդը աւելի աշխոյժ երգուի։

Դպրոցէն ներս, հացադուլ մը կազմակերպեցինք մեր դասարանցիներով։ Ամբողջ դպրոցր ենթարկուեցաւ մեր կոչին։ Ամբողջական հացադուլ։ Մեր կերակուրները անորակ էին։ Սատ ակար արրք մեր մակ վիթխարի էչի մը վրայ նստած կու գար դպրոց, կարդադրութիւններ կինէր, կը մեկնէր։

Ինծի պարտականութիւն տրուեցաւ աման մր նեխած հաւկիթներկայացնել մատ ակար արին եւ ըսել անոր.– Պարո Ղւ, հրամեցէք կերէք այս հաւկիթները։ Ո՜Ղր կերթան բարերարին մեզի համար կտակածգումար­ ները...

Այդպէս ալ ըրի, արժանանալով մատակարարին զայրոյթին։

Մեր ուսուցիչները հերթով մտան դասարան՝, եւ մեզ համոզել փորմե­ցին։ Պրն. Արա Թօփճեանր, որ ճանչցուած էր որպէս խիսս/ ուսուցիչ, միւսներուն պէս ձախոզերաւ մեր հացադուլի որոշումը բեկանել։

Եկաւ Յովհաննէս Շէօհմէլեանը ու մէկիկ մէկիկ հարցուր տղոց.– Թորոս, տզաս, Հալէպ ձեր տունին մէջի՜*նչ կուտէիր, Նշան դուն, Փայլակ դուն, Յարութիւն դուն, Օվայեան դուն, Ակիշեան դուն, Պլըգեան, Յակոբեան, Աարաֆեան, Ւ^նչ կուտէիք ձեր տուներուն մէջ։

Միթէ դպրոցին ճաշերը աւելի լաւ չե^ն։ Ի՜*նչ լսյսի տակ դաս կր սորվէիք։ կազի ամբարին, չէ՜*։ Այստեզ ելեկտրականութիւն կայ։

Աեր հագած հագուստները կարկտան ոլնթ°ն այստեզ, ահա ես ձեր ուսուցիչն եմ, տեսէք, դարձաւ դէպի ետ ու ցոյց տալով իր տափատը, ըսաւ.– Տեսէք, կարկտանով տափատ կր հագնիմ...

Եոլորս ելանք ոտքի, գացինք ճաշարան։ Հացադուլը վերջ գտած էր:

Շէօհմէլեանը վերջին տարիներուն դարձած է թարգմանիչ։ կր թարգմանէ յատկապէս Աարոյեանի գործերը։ Մենք Աարոյեանր սիրած ենք Շէօհմէլեանին շնորհիւ տակաւին 1944 թուականէն սկսեալ։

կր թարգմանէ անգլերէնի մեր հեքիաթներր, Նահապետ Յուչակի անկրկնելի բանաստեղծութիւնները։

Ոարութիւնը պակսած է։ Ոմանք չեն հաւնիր Շէօհմէլեանի թարգմա­նս ւթիւններր: Ւսկ ես կիսեմ.– Օգտակար գործկր կատարէ մեր անգլերէն եզուի երըեմնի ուսուցիչը։ Խիստ օգտակար գործ։