Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/143

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այսպէս սիրեցինք մեր գրականութիւնը։ Այսպէս անցանք գրողէ գրող– Վարուժանէն Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւա կ, Թումանեանէն Մեծա­րենք, Դուրեանէն Տէրեան:

Հապա հայոց պատմութեան դասե՜րը։ Խրախճանք էին, հոգեկան խրախճանք։ Մենք հոն պարտութիւններ չտեսանք։ Հոն յաղթանակներ տեսանք։ Տեսանք Հայկը իր լայնալիճ աղեղով, տեսանք Նիւքար իշխանը մեր կողմէ պատմուած։ Բելը նետահար։ Արա Գեղեցիկր պատուախնդիր։ Արտաշէսր քաղաք ալէն։ Մեծն Տիգրանր աշխարհակալ, րայց ոչ ջար­դարար։ Վարդանր տեսանք, Մոլշեղը * սպիտակ ձիաւոր, ու շատ հեզ, կարծեցինք թէ մեր ուսուցիչը ինքն է Մուշեղ Մամիկոնեանը, որ կեր­պարանափոխ, դարձած ուսուցիչ, ինք իր մասին կր խօսի...

Սիմոն Սիմոնեանր, մեր ուսուցիչը չէր մի այն, մեր հերոսն էր, մեզ հայրենասիրութեան աւազանին մէջ մկրտող։

Հալէպի մէջ մէկ քանի դպրոցներէ ներս, Պէյրութի մէջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ու դուրս մէկ քանի դպրոցներու մէջ Սիմոնեանր հայրենասէր պատանիներու եւ երիտասարդներու մէկ քանի սերունդ պատ­րաստեր։

Մեր սերունդը իր հայրենասիրութիւնը կր պարտի առաւելապէս այս ուսուցիչին, հայ դիրի նուիրեալ դպիրին։

Ղիւրին է փողոցներու անկիւնները նստիլ բամբասել Սիմոնեանր, դիւրին է, բազկաթոռներու մէջ մխրճուածչարախօսել Սիմոնեանի մասին, Պէյրութէն մինչել Երեւան։ Բայց բոլորին, րոլորին հարց կու տամ, հարց կուտամ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, մենք Սիմոնեանի ապրած օրերուն քանի՜ Սիմոնեան կրցանք տալ։

Պատմութեան գիրք գրեց, մատենագրութեամբ զբաղեցաւ, եղաւխմբագիր «Սեւան» ամսագիրին Հալէպ, խմբագիր «Սփիւռք» շաբաթաթերթի, Պէյրութ, հիմներ «Սեւան» հրատարակչատոլնը, որ պետական հրատարակչութեան մը կշիռը ունեցաւ։

Այս բոլորէն վեր Սիմոնեանր գեղարուեստական արձակի վարպետ է։ Մեր կորսնցուցած Սասունը վերագտանք «Լեռնականներու Վեր­ջալոյսով։

Այս հատորէն մէկ քանի պատմուածք կրնան մտնել միջազգային գրականութեան մէջ։ Սիմոնեանին անունը աւելի ամուր տեղ մը ունի մեր գրականութեան մէջ, քան շատ շատերր, որոնք այսօր կր փառաբանուին, իսկ վաղր, անպայման պիտի մոռցուին։

Սիմոնեանին դէմ սուր բարձրացնողներուն մեր սերունդը կքըսէ.– Այդ որսալն վրայ սուր կր բարձրացնէք, չէ փ տեսներ, որ հայոց Սիմոնեանն է, Ս. Մեսրոպի մեր օրերու ամէնէն բանիբուն աշակերտներէն մէկը։

Բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած եմ ուսուցիչիս հետ նախակըրթարանի սեղաններէն մինչեւ մեծ հայր դառնալս, մինչեւ այսօր։