Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/144

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինք եղ ածէ առաջին քննադատս, երբ աշակերտ էի ու իր թելադրած շարադրութիւնները կր գրէի: Ինք եղաւ առաջին արձակ գիրքս տպագրողը, ինք, ուսուցիչս, եղաւ ընկերս, բարեկամս:

Հիմա դարձած է առաւել խստապահանջինծի հանդէպ: կը սպասէ, որ իմ սերունդիս կեանքը տամ արձակով։ Ուժերէս վեր կը գտնեմ: Ինք կր պնդէ։

Ուսուցիչ եւ աշակերտ։ Իր տունը, հիւրընկալ յարկը, միշտ բաց է ինծի համար։

Սերունդներ դաստիարակած մարդը անցաւ եօթանասունը, բայց տակաւին կր ստեղծագործէ։ «Անժամանդրոս» անուն վէպը, զոր տպեց բայց չհրապարակեց րստ իր կտակին, պէտք է հանրութեան սեփակա­նութիւնը դառնայ յետ մահու:

Այժմ կը գրէ «հեր եզման Զտարոլելիք Ոաներ»: Արժէքաւոր խորհուրդներով, թանկագին էջեր...

Սիմոնեանը աշխարհ եկաւ ծառայելու համար հայ դիրին, հայոց հայրենիքին, ու ծառայեց բառին ազնուագոյն խորութեամբը:

Մինակը, քանի մը հարիւր մարդու գործ տեսաւ:

Սասունցիի իր տունը շէն եղաւ նաեւ զաւակներով, հարստացաւ նաեւ թոռներով:

Երբ կր նայիմ իրեն, կը կարծեմ թէ ուսուցիչս դարերէն կը նայի ինծի, դարերը կը բերէ մեզի:

Ու դարերը մեզի բերողը, վստահ եմ, պիտի երթայ դարերուն...

Եթէ Սուէտիոյ լեռներր բարձրացած էք, իջած էք ձորերը Սուէտիոյ, ուրեմն տեսած էք ԵՂՈԻԱՈՂ՝ ՊՕՅԱՃԵԱՆր։ Ես զինք չէի ճանչնար դէմքով: Առաջին ու վեր ջին անգամ տեսայ... կիրովականի մէջ. Եկած էք Հայաստան, ուսուցիչներու խումբի մը հետ:

Ուղիդ մօտեցայ իրեն ու ըսի,

Խտրպէկցի Պօյաճեւսնը անմիջապէս յարեգ. - Ո^ր գիւղէն ես։ Ըսի, ւսշխարհի ամէնէն մեծ գիւղէն՝ Հալէպէն: Խնդացինք։

Եդուարդ Պօյաճեանը, բանաստեղծ, արձակագիր, ուսուցիչ Պօյաճեանը, եկած էր հայրենիք եւ կ՚ապրէր բերկրանքը իր մայրը բնաւ չտեսած այն մարդուն, որ յանկարծ կ իյնայ մօրը գիրկը։