Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/145

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Աայնին մէջ դող մը կար։ ԱՀքերր խոնաւ էին, խօսքերը։ բոցէ։ Ցտեսութեամբ մը բաժնուեցանք– րայց ալ չտեսանք գիբաբ։

ՊԵՏՈՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆր բարեկամս է։ Իըմէ սորվեցայ գրաշա­րութիւն։

Միասին, բանուորներ էինք իր եղբօրը տպարանին մէջ։ Պետրոսին եղբայրը Հայկ Մինասեանր, ոչինչ բան մը կր վ ճարէր երկուքիս ալ։ Ուրեմըն, երկուքս միասնաբար, ես ու Պետրոսը, գործադուլ ըրինք Հայկին դէմ... ու մեր աշխատավարձը աւելցաւ... կռիւներէ ետք։

Պետրոս Մինասեանր Պօյաճեանին նման օժտեալ մրն էր։ Ապրած էր Փարիղ, յարած մարտկոցական շարժումին, եղած «Մենք»ի տղոց հետ, Շուշանեանին հետ, ու օր մրն ալ վերադարձած Պէյրութ։

Պէյրութի մէջ ամէն մարդ գիտէ, ձախակողմեան մրն էր Մինասեան։ Զարի մարդ մր։ Նուիրեալ մը, որ տասնամեակէ մը աւելի խմբագրեց առնրւագն երեք անուն պարբերական։ Եղաւ առաջնորդողը շատ սկսնակ­ներու, որոնց կարգին նաեւ իմ ուսուցիչս։

Իսկական բանուոր մրն էր։ եր շարէր, կը սրբագրէր, կր կազմէր գրրական պարբերականը1 «Շարժում» կոչուէր ան թէ «Գիրգ Գրականու­թեան եւ Արուեստի» եւ թեւին տակ տրցակ մր, կր բաժնէր գրասէրներու։

Երդուեալ ամուրի մրն էր։ Յանկարծ ամուսնացաւ։ Զաւակներ ու­ նեցաւ, որոնցմէ մէկը, աւագը, գնաց ուսանելու Գանատա։

Օր մրն ալ ուսանող Մինասեանր Թորոնթօ կանչեց իր ծնողները։ Լիրանանի օգին ու ջուրին ու հողին անքակտելիօբէն միացած Մինասեանները մեկնեցան Գանատա:

Պկյրաթի մ/ջ, Աինասեանին գրատունը ականուեցաւ։ Տարիներով մնաց անգործ ու այդ պայմաններու տակ զաւակին կանչը իրեն թուեցաւ փրկութեան լաստ։ Մեկնեցաւ։

Ջինք երկու անգամ տեսայ Թորոնթոյի մէջ։ Գիշեր մր լուսցուցի իր տունին մէջ։ Այդ տունը Հայաստանի համար աշխարհ եկած էր։ Պետրոս Մինասեանր, ջարդի օրերուն երեխայ, եիւրինէն ճամբայ ելած էր հասնելու համար Հայաստան, բայց ղինք հասցուցին Գանատա։

Տխուր էբ իմ սիրելի բարեկամս հեռաւոր այդ երկրին մէջ։ Անհունօրէն տխուր։ Ո*վ կրնայ մեղմել րարեկամիս տառապանքը։

«ԷԻվ կարդալ սիրտը գիտէ»։