Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/146

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆի մասին Ծառակեւանր յաճախ կը խօսէր, որպէս իր սերունդին ամէնէն օժտեալ բանաստեղծներէն մէկը: Բայց, կիսէր, կրօնամոլութիւնը կը խանգարէ զինք: Եթէ Ժագին հարցնէք, իր կրօնական հաւատքն է զինք կեանքին կապողը, իր խանդավառութեան ադբիւրը: Եկէք լուծեցէք այս հակասութիւնը, կամ միասնութիւնը այս հակա­սութեան:

Պէյրութի մէջ տեսայ զինք մէկ ան գամ։ Բանաստեղծը ինծի ներկա­յացնողը իր աշակերտուհին էր, իմ զարմուհիս Հռութ Աճէմեանը, որ իր ուսուցիչին հանդէպ պաշտամունք ունէր։

Յետոյ, Ժագ Յակոբեանին ձայնր առի Աւստրայիայէն։

Խօսեցայ հետը հեռախօսով Լոս Անճելըսի մէջ։ Նուիրած էի գիրքս «Գիրք Որդիական»ը։ կարդացի, ըսաւ, ինչո^ւ միայն մեռելներու մասին գրած ես։ Որովհետեւ, ըսի, անոնց մեծ մասը ապրելու սահմանուած են, իսկ ողջերուն մեծ մասը դատապարտուած են վերջնական ու յաւիտենական մահուան։ Զուգակշիռը միայն Աստուած գիտէ, պատասխաներ Յակոբեան։

1984ին Մոնթրէալ էի։ Հոս կրկին հանդիպեցայ բանաստեղծին, ջերմ Ւսօսակոուքժեւն մր ունեոանօ շրջապատուած բանկ մր տասնեակ հա/երէ. ՄոնթրՍփ Հ.ԲՀ.Միձթձ1Լնթ մէջ։

Ժագ Յակոբեան Գահիրէէն Պէյրութ, Պէյրութէն Աիտնէյ, Սիտնէյէն Լոս Անճելըս ու Մոնթրէալ, ուր որ կ՚երթայ կը փնտռէ Հայաստանը, կ*երգէ Հայաստանը, կ*երազէ Հայաստանը...

կտա՜*ծ է արդեօք։ Եր րոլոր գիրքերուն մէջ կայ Հայաստանը։ Բայց Հայաստանը հոն է, Արարատի ստորոտին...

կ՝ԷՈԲհ՝ ԱՃԷՄԵԱՆը սասունցի է։ Ծնած է սուրիական Պումպուճ գիւղաքաղաքին մէջ։ Ջաղացպանի զաւակ, ինքն ալ ալիւր ու հաց պիտի ԸԱաՐ ^այ սեղաններու համար։ Ու եղաւ։ Փորձեր անգլերէնով ալ գրել։ Անգլիախօսներուն համար ալ դառնալ հաց, բայց իր սասունցիական ծա­գումը տիւ ու գիշեր յուշեց իրեն, որ ինք ծնած է հայ սեղաններու համար։

Երբեմն կոլ գայ Հալէպ, մեկնելու համար իր ծննդավայրը ու հոն տեսնելու համար հօրը դադրածջաղացքը։