Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/149

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեծերու մասին քիչ պէտք է խօսիլ։ Մեծերը անհրաժեշտ է կարդալ: Դասախօսութիւներով չենք կրնար սպառիչ խօսք ըսել մեծերու մասին:

Կարիկր բերանացի կը բանաստեղծէր...

•Յհ

* <5*

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷԲԵԱՆր «Սեւան» հրատարակչատան մէջ տեսայ առաջին անգամ։ Յետոյ, Հալէպի մէջ, աւելի ուչ Նիւ Եորքի։

Ի^նչ է այս հոսանքր:

Կարիկր Երուսադէմէն անցաւ Երեւան, Երեւանէն Փարիդ, երբ կր կարծուէր թէ էոնտոն կր հաստատուի կամ Ամերիկա:

Վեհանոյշ Թէքեանր Պէյրութ էր, «Սփիւռք Գրական»ի էջերէն ծնաւ ու շունչր առաւ Նիւ Եորք:

Իր ծննդեան խանձարուրին մօտ եթէ Սիմոնեանն էր, ապա կնքա­հայր բ եղաւ Գուրգէն Սահարին, Վեհանոյշին առաջին գիրքին համար յառաջաբան պրե/ով:

Բայց ո^ւր հասաւ Վեհանոյշր, հայաստանցի կնքահայրը։

Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի սրահին մէջ Լ984ին կայացած եռօրեայ գրական հանդիպումներու զեկուցաբերներէն մէկն էր։ Կր խօսէր համարձակ, միշտ հայ լեդուի եւ գրականութեան պաշտպանութեան դիրքերէն։ Իրեն ձայնակցեցաւ Յակոբ Կարապենցր:

Ո^վ ըսաւ թէ պէտք չէ գնահատենք ճիգերը, որքան ալ փոքր րԱան անոնք։

Բայց յստակ է նաեւ այն կարելոր պարագան, որ հողէն դուրս ամէն աշխատանք դատապարտուած է ըլլալու նուագ արդիւնաւոր։

Թաղ արին մէջ ալ ծաղիկներ կը հասնին ու րուրալի ծաղիկներ...։ Բայց մեր ցանկութիւնն է թաղարի ծաղիկի կեանք չմաղթել մեր տա­ բատ ունկ թուփերուն:

ՅԱԿՈԲ ճՈԷՈԼԵԱՆ ՍԻԲՈԻՆԻին հանդիպեցայ Երեւանի մէջ։ Երկրորդ անգամ տեսայ դինք Փարիդ, /ու սանկարիչ եղբօրը ընտանեկան յար­կին տակ։

Ինծի համար, Սիրունին Վարուժանին շուքր պտտցնոդ հայ բաղմահըմուտ մտաւորականն էր, որ մինակր, Պուքրէշի մէջ տասնամեակներով հայ գիըը ողջ պահեց ու մեր դպրութեան կտակեց գործեր, որոնք առանց իր գրիչին, կորստեան դատապարտուած պիտի ԸԱային։