Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/152

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փոխադրուին Հայաստան: Ինչ որ դուրս կր մնայ Հայաստանէն դատա­պարտուած է կորստեան, կիսէր Տիկին Փեշտիմալճեանր։ Ահա տեսէք, ես ալ կորսուեցայ, այս յոյնին հետ ամուսնացայ։

Աս շեմ մոռնար Տիկին Փեշտիմալճեանր։

ԺԻՐԱՅՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆին անունը լսած էի Պէյրութ եղած օրերուն։

Յանկարծ, իրմէ նամակ մր կր ստանամ Նիւ եորքէն: Հոն, ամե­րիկեան այդ մեծ ոստանին մէջ որոշած են հրատարակել գրական պարբերագիրք մր «Մենք» անունով։ Կը խնդրէ աշխատակցութիւնս։

Հեռաւոր տեդէ մր լսեղ կատարուելիք ճիգի մասին, ճիգ մր յանուն Մեսրոպեանին, լսել ու չպատասխանենք Կարելի չէ։

Յետոյ զինք տեսայ Նիւ Եորքի մէջ Սանաս է Աեւակի տղու ն հետ։ «Մենք»ը ունէր մէկ քանի թիւ: Շարունակելու համար գործր, պէտք ու­ նէին նիւթականի, այսինքն սատանային, որ մեզմէ միշտ հեոու եղած է։ Մենք մօտ եղած ենք Աստուծոյ, իսկ Աստուած մեղի դրամ չէ տուած, դրամր իր մօտ չէ եղած, եղած է սատանային մօտ: Ահա հարցերու հարցր:

Չորս հոգիով կր քալենք Նիւ Եորքի Մէնհեթրն կղզիին վրայ։ Չորս հայեր Ժիրայր Աթթարեանր, գիտնական Մանասէի որդին Աեւակր, Մարզպետ Մարկոսեանն ու ես։

Ես ինքզինքս ծայրայեղ կր կարծէի։ Ոայք հոն. Նիւ Եորքի մէջ, հասկրղայ, որ գրեթէ պահպանողական եւմ։ Այս երեք կատաղի հայերը զիս պիտի ճզմէին։

Երեքն ալ, կարծէք խօսքր մէկ ըրած հարիւր տոկոսանոց հայեր կր փնտռէին։ Մէկ առ մէկ, հատիկ առ հատիկ արտասանելով կիսէին, թէ որպէս հայ չեն րնդունիր ոեւէ մէկը, որ հարիւր տոկոսանի չէ։ Թափել մնար եալր։

Եղբայրներ, րոի, ձեր փնտռած Հայր Աուրիոյ մէջ չէք կրնար գտնել, Լիբանանի մէջ չէք կրնար գտնել, ալ ուր մնար Նիւ Եորքի մէջ։ Ես քա­ռասուն տոկոսն ալ կինդունիմ։

Ոուկդ, պարտուողականութիւն է, գրեթէ կը պոռային երեքը մէկ։

Այս հարիւր տոկոսանի հայերը հարիւր տոկոսանի հայեր կը փնտռէին:

Ու այդ ալ Նիւ Եորքի մէջ; Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ, կիսէր մեծ հայրս։

ԼաՂ տղաք են բարեկամներս։

Ու այդ լաւ տղաքը կը շարունակէն իրենք փնտռտուքը...