Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/153

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԵԸՈՒԱՆԴ ՊԱՈՍՈՒՍ ԵԱ Նը քաղաքներ փոխել ու տեսակէտէն ետ չմնաց իր սերնդակիցներէն: Այնթապցի ծնողներու զաւակ, եր կար ատեն ապրեցաւ Լաթաքիա ու Հալէպ։ Բարձրագոյն ուսումի հե տեւելու համար անցաւ Ֆրանսա, այս տեղ վայելեց բարեկամութիւնը ֆրանսահայ գրող­ներու եւ յատկապէս իր հայրենակից Բիւզանդ Թօփալեանին։

Ընթաց աւարտ Սարսէյլի համայսարանի ճարտար տգիտական հիւ­ղէն, որպէս շինարար անցաւ Պէյրութ ու անկէ ալ Սէուտական Արարիա, ուր բազմաթիւ հայ տղոց գործ հայթայթեց:

Ես կանուխէն ճանչցայ զինք։ Երբ գրասենեակ մը ունէր Պէյրութ, առեւտրական շուկային կեդրոնը, մեծ մզկիթին մօտ։

Առիթով մրֆ երբ ֆրանսահայ դաշնակահար՝ Ռաֆֆի Պետրոսեան եկած էր Սերձաւ որ Արեւելք ելոյթներ ունենալու, այդ գր ասենեակին մէջ ծանօթացանք։

Մեր հանդիպումները չունեցան պարբերականութիւն, որովհետեւ հայուն խայտաբղէտ չուացուցակէն մեղի ալ բաժին ինկա ծէր։

Տարիներ ետք, եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, երբ Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւ ան» հրատարակչատունը վերածուած էր դրական հանդիպումներու իրա՜ւ կեդրոնի մը, ահա հոն կը տեսնէի Երուանդր:

կեանքէն կշտացած, հողմահաբուած, ալ ճերմկնալու սկսած ձ՛արդ, գործի աշխարհէն սկսած էր հեռանալ ոտքին փոշիներն ալ թօթուելով ու վերադառնալ իր առաջին սիրոյն՝ գրականութեան:

Աճապարանք մր կար իր մէջ։ Շուտ եւ չատ գրելու աճապարանք մը, երբ ետին մնացած էին երիտասարդի կորովալիր տարիներ վատնուած գործի աշխարհին մէջ։

Այդ է պատճաոը, որ յաջորդաբար հրատարակեց պատմուածքներու եւ բանաստեղծութիւններու իր շարքերը, երբեմն վերատեսութեան են­ թարկուած հին էջերու պատկերներով, ուր երիտասարդական շունչը ձրնծաղիկի իր գ/ու/սր դուրս կր հանէ այնքան գեղեցկօլւէն:

Վերջին ան գամ զինք տեսայ Դանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ։ Գտնուեցայ իր տան մէջ։ Բարձրէն դիտեցինք քաղաքր, աւաղելով ու յիշելով Պէյրութր:

Սիմոնին բարեւ րրէք ըսաւ, ու յետոյ,– Այդքան ղոհողութիւն մեղ ռ^ւր հասցուց: Վազեցինք ծագէ ի ծագ, միշտ Հայաստանր փնտռելով ու հասանք Դանատա:

Դառն ճշմարտութիւն, անոյշ մարդու մը համար։