Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/154

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՕՆՆԻԿ ՓԱՆԻԿԵԱՆը երբ կքապրէր Պուլկարիոյ մէջ, Փլովտիվ, ծանօթ էր Զարմուհի գրչանունով։ երկրորդ Համաշխարհային Պատերազ­ մի աւարտին Կարօ Մեւհեանին հետ ղինբ ալ տարին միջոց մը պտոյտի՝ Սիպիր։ Կարօ Սեհեանր անցաւ Փարիզ, իոկ Փանիկեանր՝ Երեւան։

Երկուքն ալ ուսուցիչ էին Փլովտիվի հայկական վարժարանին մէջ։ Հայերէն լեզու կր դասաւանդէին; Երկուքն ալ կնրազէին մեծ Հայաստան մր։

Օննիկր գտաւ ւիոքր Հայաստանր ու նուիրուեցաւ, իր ուժերուն ներած չափովը, երկրին։

Գրեց ըանաստեղծութիւններ, յուշեր, վիպակ։ Գրեց։ Աշխատեցաւ ՀայպետՀրատի մէջ որպէս վերստուգող սրբագրիչ։ Այստեղ է, որ ծա­նօթացայ այս մշտաժպիտ, պիտի ըսէի Համակ ժպիտ մարդուն, որուն դէմքը լիալուսինը կր յիշեցնէր, րայց աւելի/լուսաւոր։

Ամէն ան գամ, որ Հայպետ Հրատ կր մտնէի, անպայման բարեւ մը կու տայի իրեն։ կ՚ուրախանար։ Սիրուած էր իր բոլոր գործրնկերներէն։

Ու պատաՀեցաւ, որ Օննիկ Փանիկեանէն, Հայպետ Հրատր Հրատա­րակեց գիրք մր՝ «ՍաՀէն Գէպի կեանք» խորագիրով։

Ի՜նչ էր այդ գիրքին բովանդակութիւնը։ Ւնքնակեն սա գրական բնոյթ ունէր գործը* ուը Փանիկեան կր նկարագրէր աքսորը, Հայութեան Գողգոթան, թուրքին վայրագութիւնը, իր Տէր Զօր Հասնիլը, ապա փրկուիլը, Հուսկուրեմն Հայաստանի քաղաքացի դաոնալը, մաՀէն գէպի կեանք Հասնիլը։

ԱՀա նոյն օրերուն, նոյն իր ապրածքաղաքէն, այսինքն Փլովտիվէն Հայաստան ներգաղթած Հրանդ ՀրաՀանր զրպարտագիր մը կր գրէ Փանիկեանին դէմ, անոր Հրատարակած գիրքին առիթով։

ՀրաՀանր, այսպէս կոչուածյառաջդիմական մըն էր, Փլովտիվի մէջ զբաղածրԱալով չարչիութեամբ, բանտարկուած էր ու բանտէն ազատւած կարմիր բանակայիններու կոդմէ ու անոնց Հաւատացուցած՝ թէ իր ձախ Հակումներուն Համար արգելափակուած էր։

ՀրաՀանր եկած էր Հայաստան ու աՀա Հայաստան եկաւ նաեւ Փանիկեանր։ Ոչ, րստ ՀրաՀանին, Փանիկեանր Հայաստանի մէջ ապրելու իրաւունք չունէր, քանի որ Փլովտիվի մէջ Հակառակորդ ճակատի մարգ