Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/155

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուստի պէտք էր պարսաւագիր յօրինուէր ընդդէմ այս վաղեմի հա­կառակորդին ու հոն իր ու սուցիչի եւ գրողի ձեռքերով գրէր, որ Փանիկեանր կապրի սուրր հողի մր վրայ, որուն իրաւունքը չունի, այլ հողին տակր պէտք է անցնի:

Հրահանին, աւելի ճիշդը Մրահանին այս յօդուածը, հայրենի խմբա­գիրներ, պատիւ իրենց, կր մերժեն տպել; Մարդուկը շի յուսահատիր, յօդուածր կր ղրկէ Սոֆիայի «երեւան» շաբաթաթերթին, որուն խմբագիրը իր բարեկամն էր:

Յօդուածը «երեւան» շաբաթաթերթին մէջ կր տպագրուի եւ կր հասնի երեւան: Փանիկեանը կր կարդայ թունալից այս յօդուածը եւ կը թունաւորուի իր առօրեան: Վախ մը կր պատէ դինք, կրկին աքսորուելու վախը: Զարմունին Տէր Զօր հասած, Սիպիր տեսած մարդ, կը սոսկայ երրորդ աքսորէ մը:

Նոյն օրր կր մտենմ Հայպետհրատ ու Փանիկեանին րարեւ մը կուտան: ժպտուն դէմքր ամպոտածէ: Ար հարցնեմ պատճառը։ եր հասկնամ եղելութիւնը ու յօդուածը հետս վերցնելով կր գրեմ պատասխան մը ողորմելի մարդուն ոդորմելի յօդուածին մասին:

Տարիներով աշխատակցած էի Սոֆիայի «երեւան»ին եւ կը շարունակէի աշխատակցիլ: Ուստի, աշխատակիցի իրաւունքով, կը խնդրէի խմբագիրէն, որ իմ պատասխան յօդուածս ալ տպէր եւ կու տայի մէկ ամիս պայմանաժամ, այլապէս յօդուածս ուրիշ թերթի ղրկելու արդար իրա­ւունքը կը վերապահէի ինծի; Անշուշտ յօդուածիս կցած էի նամակ մը:

Մէկ ամսուան վւոխարէն, սպասեցի երկու ամիս: Փանիկեանը կը մաշէր։ Յօդուածս շէր տպուեր: Ղրկեցի Պէյրութ, Ծառուկեանի «Նայի- րի»ին: Պատասխանս լոյս տեսաւ անմիջապէս ու շրջանակի մէջ:

Փանիկեանը հանդ ստացաւ; Անհանգստացողր այս անգամ Հրահանն Էր։

Այս ինչ հակասութիւն: Մէկը կը հանգստացնես, ուրիշ մը կյանհանդրստանայ...

Փանիկեանը պայծառ մարդ էր: Ծառայեց իր հայրենիքին ու գրկեց հայրենի հողը։

Հայրենի հողն ալ դինք գրկեց: