Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/158

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օր մը, նամակ ստացայ Գանատայէն: Պահարանին վրայ գրուածէր ուղարկողին անունը ՄԱԲԳԱԲ ՇԱԲԱՊԽԱՆԵԱՆ, Թորոնթօ։

Անծանօթ անուն: Բացի, կարդացի։ Կը ներկայացնէր ինքզինք ու յետոյ կիսէր, թէ շատ կր հաւնէր յօդուածներս, զորս կը կարդար «Նայիրի»էն ու «Սփիւռք»էն։ Ինծի այնպէս կը թուի, կիսէր Շարապխանեան, որ այդ յօդուածները ես պրած եմ ու դռւն ստորագրած ես։

Վերջաւորութեան կը խնդրէր, որ թղթակցութիւն պահենք իրարու հետ։

Պահեցի։

Յաջորդ նամակով Շարապխանեան կը յայտնէր, թէ ինք ամուսնացածէ, աղջիկ մը ունի, «Համազգային »ի լրջանա կին մէջ կաշխատի։

Ես պատասխանեցի, թէ ամուսնացած եմ, երկու թոռներ ունիմ եւ կ՚աշխատիմ Հ.Բ.Ը.Սիութեան շրջանակին մէջ։

Շարապխանեան թեր թեր ու գիրք կր խնդրէր մեր կողմերէն։ Ղրկեցի։ Այսպէս, բարեկամութեան կամուրջ մը նետուեցաւ Թորոնթոյէն Հալէպ։

Գանատա եմ, Լեւոն Վարդանին հետ։ Գիշեր մը կը մնամ իր քրոջը աղջկան տան հիւր: Հոն մօտիկ ընկերներ ունիմ, կուզ եմ ընկերներուս մօտ երթալ։ Հիւրընկալները այնթապցի են, չեն թողուր, որ մեկնիմ։ Աը պնդեն։ Լաւ, կիսեմ, ես ձեր տունը քնանալ շեմ ուզեր, ինչ կիԱայ, ինչ ձիըաք, ՂՈԼՔ հակառակորդ ճակատի մարդ էք։

Բոլորս կր խնդանք։ Սնկողին մի կր փռեն, կը նստինք ղրոյցի։ Բա­ւական մը ետք տանտիրուհին դուռը զարնելով ներս կը մտնէ ու կը հարցընէ, թէ կ*ոլզէ՞ք նախաճաշեր Ւնչպէ^ս թէ, կիսէ ամուսինը, ժամը քա­նի՜ է որ։ Ժամը եօթն անց է կէս, կը պատասխանէ տիկինը։

Ես կր յայտարարեմ - տեսանք, որ ես ձեր տան մէջ չքնացայ։ Մինչեւ առաւօտ խօսած էինք մեր ազգին ցաւերէն։

Նախաճաշէն ետք, կէտիկեանները, այդպէս կը կոչուէին հիւրըն­ կալներս, ուզեցին, որ հայ դպրոց այցելութիւն մը տանք։ Գացինք։ էս էի, Լեւոն Վարդանն էր, Ատուր Ատոլրեանր եւ Աէտիկեան եղբայրները։

Գպրոցի սեմին, մեղ րնդունեց կարճահասակ, ակնոցաւոր երիտասարդ մը։ Երէց եէտիկեանր առաջ անցնելով ներկայացուց մեզ դիմաւորոՂԸ Վը ներկայացնեմ, մեր դպրոցի նուիրեալ տնօրէնը պարոն Մարգար Շարապխանեանր։

Խնդրեմ, պարոն եէտիկեան, ըսի, զիս ծի ներկայացնէք, պարոն տնօքէՆր կրնայ յուղուիլ։ Այդպէս ըսի արդէն իսկ անձնապէս յուզուելով։