Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/159

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ո**վ կ^ըԱաք, ըսաւ Շարւսպխանեան:

Դուք Հալէպէն հայ բժիշկի մը հետ կը թղթակցինք, հարցումին հարցումով պատասխանեւցի ես։

Ուրեմն Թորանեանն ես ըսելն ու մեր գրկընդխաոնուիլը մէկ եղաւ:

Պատեցանք։ Լաւ դպըոց էր։ Դասեըը չէին սկսած։ Ծանօթուսուցչու­ հիներու ալ հանդիպեցայ, որոնք գաղթած էին Հալէպէն:

Շարապխանեանր ըսաւ, թէ պիտի խմրէ աշակերտները, որպէսզի երկու խօսք ըսեմ: Դպրոցր չորս դասարան ունէր: Աշակերտներուն ամէնէն մեծը տասը տարեկան չկար։ Ծնչ խօսէի այդ փոքրերուն:

Հակ առակ կամքիս, աշակերտները շարուեցան ըստ դասարաններու։ Դարնանային ծաղկեփունջ մը:

Նախ Լեւոն Վարդանր թող խօսի, որպէսզի ես պատրաստեմ ըսելիք­ ներս։ Աստուած իմ, այդ մատ մը փոքրերուն, որոնք եկած հաւաքուած էին Դանատա Եգիպտոսէն, եսթանպուլէն, Հալէպէն ու Պէյրութէն, ի**նչ խօսէի։

Ոչինչ լսեցի էեւոնին ըսածներէն: Խօսքր իմս Էր։ Թանկագին փոքրիկներ, ըսի, ձեր ժամանակը առնել չեմ ուզեր, դուք մարզանքի դաս ունիք, նկարչութեան դաս ունիք, հայերէնի դաս ունիք։ Որպէսզի չկտրուիք ձեր դասերէն, ես միայն երկու նախադասութիւն պիտի ըսեմ ձեզի։ Անոնցմէ առաջինը պիտի կրկնենք մէկ եւ երկրորդը։ երեք անգամ։

Պատրաստ։

Ոոլորր ինծի կը նային:

Կրկնեցէք, ըսի, - Մենք հայ ենք:

Հարիւր երեսունեօթ աշակերտներ ալիքուեցան որպէս ծաղիկներ ու կրկնեցին բարձրաձայն.- Մենք հայ ենք:

Հիմա երկրորդ եւ վերջին նախադասութիւնը կրկնենք երեք անգամ - Մենք հայ պիտի մնանք...

Խումբր ալիքուեցաւ դարձեալ ու գոչեց միաձայն.-

Մենք հայ պիտի մնանք, մենք հայ պիտի մնանք, մենք հայ պիտի մնանք...

Արցունք կար Շարապխանեանի աչքերուն մէջ*.

Արցունք կար ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն աչքերուն մէջ։

Նաեւ իմ աչքերուս մէջ։ Մենք բաժնուեցանք դպրոցէն արցունքով: