Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/161

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մերիկան շարժենք։ Ամերիկան անշարժ է, կիսեմ, թէեւ աշխարհագրա­ գէտները կը հաւաստեն, որ Ամերիկան ամէն տարի քիչ մը կը հեռանայ մայր ցամաք Ասիայէն, գէթ քա գաք ակրթութեն էն չհեռանայ։

Իսկ շարժել այստեղի հայութիւնը դէպի հայութթւն: Այդ ալ դժուա­րին գործէ, որուն լծուած ես։ Յոռետես չըըանք, շարունակենք աշխատիլ առանց հրաշքի հաւատալու։

Արա Պալեօզեանը կը շարունակէ աշխատիլ։

ՍՄԲԱՏ ՏԷԲՈՒՆԵԱՆը փաստաբան է ու բանաստեղծ։ 1946թուա­կանին, երբ Վահէ-Վահեանը Մելգոնեան կրթական Հաստ ա տ ութենէն փոխ աղուեցաւ Պէյրութ, հրատարակելու համար «Անի» գրական ամսագիրը, Տէրունեանը փոխարիներ իր ուսուցիչը ու դարձաւ իմ ուսուցիչս մէկ քանի ամիս։

իր դասերը կանցնէին հաճելի։ Նախկին սան ու շրջանաւարտ մեր դպրոցէն, Սմբատ Տէրունեան, շրջան մը խմբագրեց կիպրահայ շաբաթա­թերթ մը խումը մը մելգոնեանցիներու օժանդակութեամր ու հՐ ատարակեց բանաստեղծութիւններու չորս դիրքէ

Նոյն 1946ինէ մասնակցեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան Բ. Համագումարին, որուն կրտսերագոյն մասնակիցն Էր։

Աւելի քան երկու տասնամեակ չտեսայ գինք։ եթէ չեմ սխալիր 1966ի ամրան, երբ Սովետական ջերմանաւով մը Եւրոպայի շրջանը ըրած Լենինկրատ - Լր Հաւրը տարածութիւնը կտրելէն ետք Մարսէյլէն հասած էի Բիրէա, ահա այստեղ, նոյն նաւուն վրայ հանդիպեցայ բանաստեղծ ուսուցիչիս Սմբատ Տէրունեանին։

Հիմա, Մելգոնեանի նախկին սանը, դպրոցին հոգաբարձուներէն մէկն էր ու Հայաստան կերթար հայերէնլեղուի դասախօս բերելու համար Մելգոնեան։

եր տեսնէք, թէ ուր հասած էինք մենք։ Սփիւռքը կ՚երեւի այլեւս ի վիճակիչէր իր երկրորդական վարժարաններուն համար սեփական դասա­խօսներ պատրաստելու։

Բանաստեղծը յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ։ կիպրոսի Մելգոնեան կրթական Հաստատութիւնը ունեցաւ յաջորդական մէկ քանի դասախօսներ հայերէն լեղուի, գրաբարի ու հայ մատենագրութեան հա­մար։

Հայրենիքը օգնութեան հասաւ Սփիւռքին։

1969 թուականին վերստին գտայ ղինք կիպրոսի մէջ։ Եկած էի մէկ