Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/162

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամիսով։ Գացինք ծովափ։ Միասին կարդացինք Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւնները ու երբ ծով իջանք մրցելու ձկնիկներու հետ, անոնք նետի նման գալով կր զարնուէին մեր մարմիններուն։

Այն հարցումիս, թէ այս ձկնիկները ի^նչ կուզեն մեզմէ, Տէրունեան պատասխաներԱկնիկներբ Ռազմիկին բարեւ կը ղրկեն, անոնք, մեր միջոցաւ հասկցան Դաւոյեանը ինչեր գրած է. իրենք հաւնած են ու կը բարեւեն զինք...

«Մենք կեանքէն յուսացինք շատ քիչ բան»... գրած է Տէրունեան, բայց այդ քիչն ալ զլացուեցաւ մեղի։

ճիշդ է, Սմբատ Տէրունեանը Յունաստան ծնածու Կիպրոս ապրող բանաստեղծը երագած էր լոկ տնակ մը հայրենի հողին վրայ, բայց կերեւի անօրէն ձեոք մր իրեն համար գրած էր ծերանալ այդ հողէն հեոու։

Շնորհալի բանաստեղծը կը շարունակէ ստեղծագործել։

Նոր գիրքդ կը սպասենք, ուսուցիչ։

ԼԵՒՈՆ ՎԱՈԳԱՆը ճանչցած եմ կանուխէն, Հալէպի մէջ։ Ծնողները այնթապցի էին։ Կը բնակէին Նոր Գիւղի ծայրին։ Հորէն ջուր կը քաշէինք ԴոյԼո11՛ հՇ ջրէինք. Բա^Օր ո-Կհանի թաղարները ու անոնց ծաւալող ցուց­ մունքին տակ բանաստեղծութիւն կը կարդայինք։

Լեւոնը լաւ արտադրող մըն էր։ Շատ հնչեակներ գրեց։ Մեզ կը զար­մացնէր իր գիտցած բաոերովը։ Մենք, բառարաններու կը դիմէինք իր գործածածբաոերը հասկնալու համար։

Մոլի ընթերցող մըն էր։

Հիւրասէր էր մայրը։ Ժաճախ ողկոյղի ւղէս կը խմբուէինք ութ տաս հոգիով։ Կարտասանէինք, կր կարդայինք, կը վիճաբանէինք, կը հրճւէինք։ Պատանիներ էինը։ Լեւոնը մեր աւագն էր։

Տարիները բաժնեցին մեզ։ Լեւոնը հաստատուեցաւ Պէյրութ։ Գրեց քիչ մը ամէն թերթի մէջ - օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսագիր։ Գիրք, ուշ հրատարակեց։

Ու անգամ մը, երբ իր գրած գիրքին առաջին տողը սկսած էր այսպէս.– Պէյրութ գէշ քաղաք մըն էր... ձերբակալեցին զինք, որպէսզի Լեւոն Վարդան հասկնայ, թէ իՂյչ բռել է բանտ։

Շուտով արձակա եցաւ բանտէն, բայց Պէյրութը չգովեց։

Աւարտեց համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղբ, զբաղեցաւ պատմագիտութեամբ, բայց հոն ալ մնաց բանաստեղծ։

Կը շարունակէ գրել հնչեակներ ու պատմութիւն; Վերջերս, «Ազդակ»