Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/164

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սարդիս Վահագնի «Մատանիներ» գիրքին հերոսները այդ օրերէն կու գան:

Վահագնը չատ կը սիրէր սինեմաշխարհը: Այս կապակցութեամբ շատ կապուեցաւ ֆրանսացի արուեստաբան1 Վերքորին։ Ու տակաւին, Թորոսեանին ու Մարթայեանին հետ խմբագրեց Լիբանանի հայ առաջին սինեմարուեստի պարբերականը։

Լռիկ-մնջիկ աշխատող մր եղաւ։ Դարձաւ օդանաւային ընկերու­ թեան պաշտօնեայ։ ճանբորդեց։ Նոր փորձառութիւններ ունեցաւ։ Այս պարագան արձակագիրին տուաւ նոր նիւթեր։ Հայրենիքն ալ գնահատեց զինք, իրմէ տպագրելով պատմուածքներու ժողովածու մը։ Դրեց նաեւ թատերական երկ մը, որ մրցանակի արժանացաւ։

Լիբանանեան տասնամեայ պատերազմի ընթացքին ուրիշ ինչ գործեր պատրաստեր, սիրտ ունեցա^ւ բան մը գրելու, չեմ գիտեր։

Մէկ բան գիտեմ, որ լիբանանեան դէպքերը շատ նիւթ չտուին հայ գրողներուն։ Աւելի ճիշդը, մեր գրողները քիչ նիւթ քաղեցին անհաշուելի հերոսութիւններու, հերոսներու եւ յիմարութեանց պաշարէն։

ՍԱՈԴԻՍ ԿՒԲԱԿՈՍԵԱՆը նոր ժմնող տղոց աոաջամարտիկներէն է, որպէս հայ գրականութեան սպասարկու։ Մեր մօտ այն քիչերէն, որոնք իրենց համար նիւթ ըրած են նաեւ արաբական արդի գրականութիւնն ու գրողները։

Հալէպցի է։ Բայց իր կեանքը կապեց Պէյրութին։ Կը տեսնեմ զինք քիչ ան գամ, բայց երբ ալ տեսնեմ, մեր նիւթը գրականութիւնն է, ազգային ցաւերն են։ Մեղ ուրախացնող հարցեր ալ կան։ Անոնց մասին ալ կը խօսինք։

Երբեմն, Կիրակոսեանը Հալէպ կու գայ։ Երբեմն, ես Պէյրութ կեր­թամ ու երբ կարենամ Արեւմուտք անցնիլ, զինք կը տեսնեմ «Բագին»ի խմբագրատան մէջ։

Սուր վիճող մրն է, բայց նաեւ ունկնդրող մը։ Բանաստեղծութիւններու գիրք ճրն ալ հրատարակեց։

Ւրմէ ունիմ ընդարձակ նամակ մը, ուր իր էիբանան մնալու վճռակամութիւնր կր յայտնէ հակառակ տիրող անտանելի կացութեան։ Մատեր փախուստ տուին Լիբանանի կրակներէն։ Աարգիսր մնաց ու շարունակեց ծառայել գրականութեան։

Եր եռանդն ա նուիրումը ունեցող մարգէն աւելին կը սպասենք։