Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/165

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՏԻԳԸԱՆ եւ ՍԻՍԱԿ ՎԱԸԺԱՊեՏԵԱՆ եղբայրները, անցած են տա­րագրութեան ճամրաներէն։ երկուքն ալ տակաւին երբ չէին հասած դիրքի, իրենց պատանի օրերէն նուիրուեցան ազգային, ընկերային աշխատանքներու:

Տիգրան Վարժապետեանը դարձաւ արձակագիր ու բժ՜իշկ։ Որպէս արձակագիր վայելեց խնամքը, գուրգուրանքը Վահէ՜Վահեանին, որ իր «Անի» ամսագիրին մէջ անմիջապէս տեղ տուաւ բժիշկին։

Բժիշկին առաջին գիրքն իսկ գրախօսելովբարեկամութիւն մը Հաս­տատեցի իր Հետ։ Յետոյ գրախօսեցի յաջորդական գիրքերը։ Մեղմ մարգ էր։ Պէյրութ ապրած օրերուս, կերթայի իր դարմանատունը, այդ յիսունական թուականներուն էր։ Կը նստէինք, կը վերլուծէինք մեր բարեկամ տղոց հրատարակած գիրքերը։

Գետ մը չէր։ Առուակ մըն էր։ Կրնար նոր ծաղիկներ ծնիլ իր ափերուն։ Սուտ գնաց։

եղբայրը Սիսակ Վարժապետեան, կանուխէն խնկարկեց մուսանե՜րուն։ Խունկը քիչ էր։ Ունեցածրուրմունքը տուաւ։ Բայց յուսաՀատողներէն չէր: Ինչպէս եղբօրը, առաւել եւս Սիսակին մօտ շեշտուած էր նուիրումը Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հ,ե.Ընկերակցութեան հանդէպ։ Կազմակերպութիւն՜ ներ, ուր տասնամեակով վարեց պատասխանատու պաշտօններ:

Հրատարակեց պէսպիսուն գիրքեր։ Գրեց նաեւ անգլերէն, Հայն ու ստանը մեր անգլիախօս սերունդին եւ օտարներու ծանօթացնելու համար։

Տասնեակ մը Հանդիպումներ ունեցած եմիր հետ։ Ասոնցմէ ամէնէն կարեւորր 1980ին Հ.Բ.Ը.Միութեան պատգամաւոր ական ժողովին առիթով մեր միատեղ ըլլալն էր Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիփոյ մէջ։

Ջանա սիր արար նօթեր կքառնէր այդ եղելութիւնը մամուլին յանձնելու Համար։ Կը Հպարտանար իր աղջիկով ու փեսայով։ Տէր ել Տիկ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեաններ, որոնք ազգային շունչով մեծցած իրաւ հայ ընտանիք մը կազմած էին Շիքակոյի մէջ եւ ուր ամէն առիթով իրենց նիլթաբարոյական աջակցութիւնը կը բերէին ազգային բոլոր շարժում­ներուն։

ճանչցայ ՅովՀաննէսեանները եւ ուրախացայ իրենցմով։ Ուրախա­ցայ, որ Ռաֆֆին, միայն մասնագէտ բժիշկ չէր, այլ մանաւանդ նուիրեալ հայ մըն էր։ Ու կինը, դուստրը Սիսակ Վարժապետեանին, ոչ միայն չէր փորձեր չափաւորել անոր նիւթական առատաբաշխութիւնը հայկական նպատակներու համար, այլ կը քաջալերէր զայն։