Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/166

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սիսակ Վարժապետեանը օգտաշատ գործ մըն ալ իրագործեց։ Այդ լիբան անահ այո ց հինգ հատորանի պատմութիւնն էր։ Կքերեւի կը գգար, որ դարանակալ մահր մօտ էր, ուստի կքաճապարէր։ Իրագործեց։ Լոյսին բերաւ այդ ուսանելի գիրքերը նախքան իր մութին երթալը։

Մէկ խօսքով Սիսակ Վարժապետեանը պէյրութահայ «Ծիածան» ամսագիրին լոյս ընծայա ծէն մինչեւ իր մահր պատնէշէն վար շիջաւ։

Գնաց, երբ տակաւին եր կար ատեն աշխատելու երդումը ունէր իր հոգիին խորր։

ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈԻՃԵԱՆր ծնած է Նեղոսի ափերուն։ Եգիպտահայ է։ Վարեւոր ժառանգ մը ունեցաւ։ Յանկարծ դրամշկարծէը։ Այդ ժառանգը կու գար Մեծն Թէըէեանէն ՚ «Արեւ » օրաթերթն էր։

Մարդիկ կան, որոնք իրենց ժառանգածը կը մսխեն: էափուճանը անոնցմէ չեղաւ։ Իր ժառանգը խնամքով, նուիրումով պահողներէն եղաւ։

Մասնագիտութեամբ պատմաբան է Եափուճեան ու գրեթէ մինակը լոյսին կը բերէ «Արեւ»Ը։ Այդ մաշող գործին առընթեր կը հրատարակէ պատմական ուսումնասիրութիւնն եր։ Շատ կը սիրէ Կիլիկիան։ Իր պատ­մագէտ ա կան նիւթերը մեր օրերու ^իլիկիոյ շուրջ կը դառնան։

Ինչ որ գրած է ուսանելի է մեր երիտասարդութեան համար։

Յաճախ, իր ուսումնասիրութիւնները որպէս գիրք անհրաժեշտ է, որ հրատարակուին։

Աւետիս Եափուճեւանին հետ առաջին անգամ ողջագուրուելու առիթը ունեցայ հայրենի հողին վրայ, Երեւան, Արմենիա հիւրանոցին առջեւ։ Հեռաւոր եղբայր մր կր գտնէի իր մէջ։ Ինք սակաւախօս, ես առատախօս, մտանք թեւ-թեւի ու պատեցանք։

Այնուհետեւ, մեր միջել ծայր առաւ այն ճամբան, որ թղթակցութիւն կը կոչուի։ Քիչ ու շատ սկսայ աշխատակցիլ նաեւ իր խմբագրած «Արեւ»ին։ Մեր երկրորղ տեսակցութիւնը կայացաւ Գահիրէի մէջ, «Արեւ»Ի խմբագրատան այն սեղանին շուրջ, որուն վրայ իր գլուխր յակած էր նաեւ Թէքէե ան:

Տրցակ մր թուղթ խնդրեցի եւ Թէքէեանի օգտագործած սեղանին վրոյյ գրեցի յօդուած մր, որ թերթին վաղայաջորդ թիլին մէջ լոյս տեսաւ։

Մ. Սփիւոքի մեր խմբագիրները... տասնեակներով խմբագիրներ ճանչցայ։ Ե ոլորն ալ նուիրուած մարդիկ, բոլորն ալ Մեծարենցի անանձնական ուրախութեամր ապրող, տառապող մարդիկ, որոնք անձնական ապագայ չունին, որոնց այսօրն ու ապագան հայ ժողովուրդն է...

Համբոյր ձեր համբերութեան, տոկունութեան, խմբագիրներ...