Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/167

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅկ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆին առաջին անգամ հանդիպեցայ Վա հէՎահեանի «Անի» ամսագիրի խմբագրաւոունին մէջ։

Խմբագրատուն ըսի, մեղայ, գետնայարկ ընդարձակ տպարանի մը մէկ անկիւնը, գրեթէ կիսախաւար, ուր իր աչքին հանդէպ ոխ ունեցողի մը պէս կաշխատէր բանաստեղծը, իր կողքին ունենալով Հայկ Նագգաշեանը։

Հայկը Վահեանին աշակերտն էր Մելգոնեանէն։

Հիմա, ուսուցիչ եւ աշակերտ, խմբագիր ու վարչական պատասխա­նատու մէկ մտասեւեռում ունէին- «Անի»ին բարգաւաճումը: Սերունդ մը ամբողջ այս ամսագիրով լոյսին եկաւ, լոյսի ակօսներ բացաւ:

Այդ օրերուն Հայկին կըսէինք.– Հայկ գրէ, լաւ ճաշակ ունիս: Օր մը կը գրեմ, կքըսէր։ Մենք, իր գրասէր բարեկամները, այնքան ըսինք գրէ, ու ինք, այնքան ըսաւ, որ օր մը կը գրեմ, սկսանք զինք կոչել «եկաւ օր մը կը գըեմը»...

Տարիները սահելու սովորութիւնը ունին ու չեն փոխեր իրենց բնա­ւորութիւնը։ Սահեցան: Հայկը իր շունչը առաւ էթովպիա: Հոն ուսուցիչ էր։ կերեւի Ափրիկէի մէջ ինքն իր հետ ԸԱալու եր կար առիթը ունեցաւ, իր նիւթը գտաւ եւ օր մըն ալ... գրել սկսաւ:

Ջախող առեւտրական մր եղաւ, րայց ոչ ձախողած գրող։ Ու հիմա իթմէ ունինք ափրիկեան որսորդական կեանքէ երեք հատոր: Նորեր ալ կը գրէ։

կուսակցական է։ Գործիչ է։ Ուրեմն, կեանքը վազք մըն է այս րոլորին հասնելու։

Վերջին անգամ ամիս մը առաջ գտայ գիեք «Զարթօնք»ի խմբագրա­տան մէջ։ Նոր գիըքը նուիրեց։ Փամփուշտներու շառաչ կար։ Խմենք ըսաւ։ Արմէն Դարեանր եւ Մովսէս Տօնէլե անլ հետս էին։ Ի՞նչ խմել, ըոի, ճար­ճատող սա զէնքերու աղմուկին տակ։

Պատերազմ, հայերէն գիրք ու խմիչք։ Խմեցինք հայ գրականութեան եւ Հայկին կենացը, կրակներու տակ։

երակ ու գիրք։ Գիրքն ալ կրակ է։ Գիրքն ալ կրնայ կառուցել ու քանդել։

Մենք կառուցող գիրքին համար խմեցինք։