Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/169

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինչ խանդավառ տղւսք կային մեր մէջ: ՅԱԿՈԲ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆը ան­պայման բանաստեղծ էր։ Եթէ շարունակէր գրել, կրնար խօսիլ տալ իր մասին: Բայց կեանքի ալիքները զինք նետեցին նախ Բազապլանքա, Սարօք, ապա Զուիցերիա: Օտար ամուսնութիւն մը իր տունէն դուրս սա­ հեցուր մայրենի լեզուն: Երկու տղայ զաւակ ունի: Խելացի, ուշիմ, որոնք Սարգիսեան կը կոչուին, րայց հայերէն չեն գիտեր: Ինքը, Յակոբը մեծ յուզում կյապրի, րայց ինչ օգուտ: Վստահ եմէ կը յիշէ իր մամուլին մէջ երեւցած շունչ ունեցող րանաստեղծութիւնները ու կափսոսայ, որ չշարունակեց գրել: ԴուցԷ եւ կը գրէ ու ես լուր չունիմ:

1983ի առաջին ամիսն էր: Փարիզէն հեռախօսեցի Զուիցերիա եւ կարճ զրոյց մը ունեցայ իր հետ: կը պատրաստէր զեկոյց մը Անդրանիկ Ծառուկեանի եօթանասունամեակի տօնակատարութեան կապակցութեամբ: Ուրախացայ: Յետոյ, երբ Անդրանիկին հարց տուի այդ զեկոյցին մասին, անակնկալի եկայ, ըսաւ բանաստեղծը, շատ խելօք, հաւասարակշռուած ելոյթ էր: կրկնակի ուրախացայ: Գրականութիւնը սիրող մր, անկասկածլաւ զեկոյց մը պիտի տար:

ՑԱկՈԲ ՍԱՀԱկԵԱՆր կար: Արդէն պատմուածքներ կր գրէր եւ կր տպագրուէր մեր գրական մամուլին մէջ: Հետագային աշխատակցեցաւ «Նայիրի»ինէ ուր հանդէս եկաւ պատմուածքներով ու վիպակով մր «Երեւան 65» խորադիրով, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց իր անձին շուրջ*.

Դարձաւ բժիշկ։ Անպայման կը դառնար ե*ւ գիտութեան եՂ գրա­կանութեան մէջ անուն ունեցող մարգ եթէ... ինքնաշարժի արկած մը զինք չտանէր: Ափսոս եղաւ: