Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/171

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օր մըն ալ յայտարարեց.– Երբ կոկոլի պէս մեծութիւններ կան, Տոսթոեւսկիի նման մեծութիւնն եր կան, երբ Զարենցը կայ, մենք պէաք չէ գրենք։ Ես գրիչս կոտրեցի, ըսաւ, ակ չեմ գրեր։ եր կարդամ։

Զբօսանքի պահերուն միշտ Ձարենց կարտասանէր.–հեռու, մօտիկ րնկերներին, աշխարհներին, արեւներին, հրանման հոգիներին։ կորոտար Սատուռեանր իր շէկի մօտեցող պեխերուն տակէն «Դէպի Ապագան»։ Միջանցքը կր լեցուէր իր ձայնով, արձագանգը կեըէր դուրս ու կը տարածուէր սկաուտական առաւօտեան շեփորին նման - Լցուած է անհուն իմ հոգին հիմա շփոթ երդերով ու աղմուկներով, լցուած է հոգիս ելեկտրա­կան բորբ հոսանքներով...

Պօղոսը, իսկապէս դադրեցաւ գրելէ, երբ այնքան անոյշ պատմւածքներ ունէր։ եր յիշեմիր ուսանողական պատմուածքներէն «Գօտիներ, կարմիր Գօտիներ»ը:

Եկաւ Պէյրութ։ Յաճախեց «Գրական Շր2անակ»: Եղաւ լաւ ուսուգիչ։ Օր մըն ալ սկսաւ գրել, բայց կարծես ուշացած էր։ Օայց կարծէք հին կրակէն անթեղուած բան մը կար իր մէջ: Եղաւ «Շիրակ» ամսագիրի խմբագրական կաղմի անդամ, ու օր մըն ալ, չար օր մը... գնաց։ Ապառաժի նման Պօղոսր մեղրամոմի մը նման հալեցաւ... Երիկամները չէին աշ­խատեր։ Մեղ լացուց սքանչելի Պօղոսր։

ԱՕԱՄ ՍԵՓԵԹճԵԱՆը կար ու կայ։ Լուրւ տղայ մըն էր։ Հիմա այդպէս չէ: Հինա կը խօսի։ Այդ օրերուն միայն մտիկ կընէր։ կերեւի կ՛ամբարէր։ եր լեցուէր։ Այսօր, արդէն չորս դի թքի հեղինակ է ու կը շարունակէ գրել։ Շառաչ չէք լսեր իր գործերուն մէջ։ Հին փափկութիւնը կր շարունակուի խոխոջին նման խոտերու մէջ կորսուած առուակին, խոտեր, որոնք իրենց գոյնին կանաչը քիչ մըն ալ կը պարտին անշուշտ արեւէն ետք, այդ խոխոջող առուակին։

Օոլոր տղաքր յիշե՛լ դժուար չէ։ Օոլորը կու գան աչքերուս առջեւ։ Ատամնաբոյժ Յարա թխն Լաջինեանր օրինակ, որ վիճիլը կր սիրէր. Ահս վէճ մը, որ վերիվայրում ալ ստեղծեց - Յակոբ Յակոբեանր բանաստե՜դծ է թէ ոչ։ Վէճը ծաւալեցաւ։ Լաջինեանր, ինքն էր խօսողը թէ Յակոբեանը բանաստեղծ չէ։ Օայց յետոյ, ինքն էր պնդողը, որ բանաստեղծ է։