Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/173

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՆԱԶԱՈԷԹ ԹՕՓԱԼԵԱՆր կքերեւի կար, անշուշտ կար, րայց յան­կարծ յայտնուեցաւ։ Պէյրութի ծովեզերքի քարէ բազրիկներուն յենած կր լսէի երգր ալիքներուն, երբ երկու ծանօթ աղոց հետ ինծի մօտեցաւ ան։ Ջինք չէի ճանչնար։ Ծանօթացանք։

Առաջին խօսակցութենէն իսկ յայտնի դարձաւ, որ խօսակիցս գրասէր մըն է։ Գրել ւի որձող գրասէր մր։ Թիչ անգամ կր տեսնէի զինք։ Յետոյ իմացայ, որ կաշխատի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ: Միջոց մը ետք եղաւ օգնական խմբագիր։

Խորհեցայ, թէ Նադարէթը կրնայ կորսուիլ գրականութեան համար։ Ո^վշի գիտեր, որ խմբագրական աշխատանքը, յատկապէս սփիւռքի պայմաններուն մէջ, մաշեցնող գործ է։

Աղպաշեան Յովհաննէսը կրնար մեր լաւ գրողներէն մէկը ըԱալ, չեղաւ։ Պատճառը փնտռեցէք երկար տարիներու իր ընկերային եւ խմբա­գիրի աշխատանքներուն մէջ։

Ոայց ահա Նազարէթ Թօփալեանը դուրս կրցաւ գալ փակուղիէն եւ յաջորդաբար հրատարակեց պատմուածքներու երեք ժողովածուներ։ Կեանքի պայմանները յաճախ կր ստիպեն, որ մարդիկ խօսելու տեղ լռեն։ Թէեւ, Ար ամ Արմանը, Հայաստան եղած ժամանակ ինծի ըսա &է, ան որ չի գրեր, ուրեմն գրող չէ։ ^րողր կ^արտադրէ ինչ պայմաններու տակ ալ ապրի։

Կերեւի ճշմարտութիւն մը կայ Արմանի այս խօսքին մէջ։

Թօփալեանը Փարիզ հաստատուեցաւ երբ արդէն չկար իր ագգականր՝ բանաստեղծ ու նկարիչ Ոիւզանդ Թօփալեանը։

Կապրի մեկուսի, բայց կր գրէ: Տասնեակ մր բարեկամներու հարցուցի իր հասցէն։ Ոչ ոք գիտէր։ Չտեսայ զինք Փարիզի մէջ։

Ոայց կարեւորը այն է, որ Նազարէթ Թօփալեանը եկաւ գրակա­նութեան ու կր շարունակէ գրել։