Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/174

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆը գրեց։ Կը շարունակէ գրել։ Տակաւին պատանի, կր գրէր։ Գրելու կողքին ունէր խօսելու շնորհք։ Իր ամէնէն մեծ շնորհքր ուսուցանելուն մէջն էր։

կր յիշեմ, Պէյրութ, դասախօսական երեկոյ մր կազմակերպուած էր, ուր իրարու ընդդիմախօսներ էինք։ Տասնամեակներու հեոաւորութենէն կր հաստատեմ, որ ինձմէ լաւ պաշտպանեց նիւթր։

Եգաւ ուսուցիչ, տնօրէն, ու մինչեւ այսօր ալ ծանր է իր ներդրումը պէյրութահայ մեր դպրոցական կեանքին ու գրականութեան մէջ, որպէս բանաստեղծ, արձակագիր ու հրապարակագիր։

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻն վէպ փորձեր «Թաթերը Վար Եգիպտոսի Առջեւ» ընդհանուր խորադիրով, բայց դարձաւ «Արարատ»ի խմբագիր։ Արդէն այդ վէպին նիւթն ալ կու գար քաղաքական լուրերէ, երբ 1956ին գործադրուեցաւ եռեակ յարձակումը Եգիպաոսի վրայ։

Օր մը, երբ նոր ծանօթ՜ացայ ժիրայրին, «Գրական Շրջանակ»ի մէկ հանդիպումին ընթացքին, հարց տուաւ ինծի, թէ Մարքսի ու էնկէլսի նամականին կարդացա^ծ եմ։ Ոչ, ըսի։ Մարքսի «կապիտալ»ը կարդացա^ծ եմ։ Ոչ, րսի։ Ես այդ գործերը կարդացածեմ, ըսաւ։ Գժուար է, ըսի, դժուար է այդ գործերը հասկնալը...

Ժիրայրը մնաց լաՂ խմբագիր ու լաՂ բեմախօս։ Ծնած էր բեմի հա­մար...

ՀՈԱՆԴ ԳԱՆԳՈՈՒՆՒին ծանօթացայ նոյն օրերուն, այսինքն յիսունական թուականներուն։ Ուսուցիչ էր։ «Արարատ»ի աշխատակից, «Արարատ Գրական»ի խմբագրական կազմի անդամ:

Գրեց պատմուածը, վիպակ, վէպ։ Գարձաւ պատմաբան։ Ամբող2 կեանքի ընթացքին զրադեցաւ մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակին անցուդարձերովր ու գրեց մեր հերոսներուն, ֆետայիներուն, Հնչակեան անձնուրաց կամաւորներուն մասին։