Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/175

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը շարունակէ գրել։ Ջինք երբեմն կը տեսնեմ Պէյրութի, երբեմն ալ Հալէպի մէջ, ուր կու գայ դասախօսութիւնն եր տալ ոչ թէ գրական, այլ պատմական նիւթերու շոլք2*

ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆին ծանօթացայ Հայաստանի մէջ, ուր կր հետեւէր Հայագիտութեան։

ք^անաստեդծութիւններ կը գրէր: երբեմն կր հ ան դիպէինք իրարու։ Մեր նիւթր գրականութիւնը կ*ըըար։ Բանաստեղծութիւններու գիրք մը հրատարակած էր։ Վերադարձաւ Պէյրութ։ Հայագիտական նիւթեր դասաւանդեց։ Բանաստեդծութիւններու նոր գիրք մը եւս հրատարակեց։ Կր շարունակէ դասաւանդել։ Հեզահամբոյր, նուիրեալ տղայ մըն է ինչպէս Վերր յիշուածիր ընկերները։

ԱՈՇԱԿ ԳԱԶԱՆճԵԱՆր մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ է։ ք^այց գրել սկսած է կանուխէն։ Ընդմիջումներ տուած է, բայց չէ դադրած գրելէ։ Հեղինակած է երեք գիրք։ Վերջին գիրքին առիթով «Մերին Ամերիկան» հանդիպեցայ իրեն Պէյրութի իր դարմանատունին մէջ։

Զարմանալիօրէն խանդավա ո գտայ զինք Պէյրութի այս պայ­մաններուն տակ։ Կ՚երեւի մեկնարկը ուլքդին էր, որ Գագանճեանր կը պա <է ներզօր ուժով։

Շատ տղաք ճանչցայ Պէյրութի մէջ թէ Հալէպի, որոնք ճամբայ ելան գրականութեան ծառայելու համար, բայց տեդ մը դադրեցան ու մնացին գրասէրներ։ ՓԱՆՈՍ ԶԱԳՐԵԱՆ մը կար, ՄԵՍՐՈՊ ԴԵՐ՜ ՄԱՆՒԿԵԱՆ մը կար, ՆՇԱՆ ՇԱՀԷՆ մը կար, ԱՒԵՏԵՍ ՀԱՆՆԷԵԱՆ մը կար եւ տակաւին շատ ուրիշներ, որոնք լռեցին։ Կար նաեւ ԺՈԶԷՖ ՀԱՃԵԱՆր, որ անուն վախեց, երկիր ու երկիրներ վախեց, գիրքեր հրա­ տարակեց, րայց ինչ որ կքերգէր Հալէպի մէջ, նոյն լարին վրայ մնաց ու կը մնայ տակաւին։ Հայերէն ամսագիրի մը խմբագրական կազմին մաս կր կազմէ Լոս Անճելրսի մէջ։ Գրելու դիւրութիւն ունի։