Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/178

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՏԻՐԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆին հան դիպիլը դժուար չէ։ Աււանց ժամադրու­ թեան ալ կ ինդունի քեզ։

Եթէ ււումանա Հայերը Զիկ Տամաաեան մը տուին, եգիպտաՀայերը Սաըուխանը, ապա Լիրանանը տուաւ Տիրան Աճէմեանը։ Սեփական ձայն ունեցող երգիծանկարիչ մը, որ նոյնքան անուանի դերասան կրնար րըալ կամ գրող։

Մէկ խօսքով արուեստագէտ ծնած մարգ մը, որուն շնորհներէն օգտրւոգներր միայն հայերը չեղան: Իսկ երբ օտարներն ալ կ*օգտուէին, դարձեալ անունը մերն էրք հայոՂն, Տիրան Աճէմեան:

Առիթը ունեցած եմ զրոյցներ ունենալու իր հետ իր արուեստանոցին մէջ, Պէյրութ, նաեւ Հալէպի մէջ։ Ի վերջոյ, նախկին հալէպցի մըն է ինքն ալ։

Գիշեր մրֆ Հալէպի մէջ, ուր եկած էր իր մէկ ցուցահանդէսը կազմակերպե/ու, մեղի կարդաց պատմուածը մը ֆրանսացի գրողէ մր, ղոր ինք թարգմանած էր։ Զեմ կրնար մոռնալ պատմուածքին նիւթր - Երկու ծե­րունիներ, որոնք ամէն օր նոյն պարտէզին մէջ կը հանդիպին իրարու եւ որոնք ի վերջոյ կը ճանչնան զիրար... իրենց երիտասարդ օրերուն զիրար սիրած էին, յեւտոյ կորսնցուցած...

Սքանչելի պատմուածը մըն էր։ Տիրան Աճէմեանը արթիսթիք ըն­ թերցում մր ըրաւ մեզի։

Մէկ անգամլսածեմ ՆԻԿՈԼ ԱՂԸԱԼԵԱՆը։ Այդ 1944ին էր։ Պատանի ԷԻ Ըսին թէ Աղբալեանր պիտի խօսի Աայեաթ Նովայի մասին։ Ս. Նշան չհասած, բողոքականները աշտարակով սրահ մը ունէին Պէյրութի մէջ, հոն պիտի կայանար դասախօսութիւնը։

Փոքր էի, րայց գացի։ Սուրբ մը ունկնդրելու պէս զինք լսած եմ։

Տսան տարի ետք, 1964ին, ծանօթացայ Նիկոլ Աղբալեանի կնոջը, աղջկան եւ ինճենէր զաւակին։ Զէի գիտեր, որ Ազբալեաններր կը բնակէին իմ ապրածշէնքիս բակին մէջ - Երեւան, Լենինի պողոտայ, Ւ1օ. 59 մուտը։

Աղբալեաննեւրուն, մեր ապրած տան բակին մէջ ապրիլը ինծի յոլՀոր1Ր արձակագիր Ռաֆայէլ Արամեանը եղաւ։