Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/180

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հալէպ, բանաստեղծ Ա. ՏՈՆՃՈՅԵՆՑր կար։ Նիհար մարդ մըն էր։ Օր մը, Սալիպէ, Ս. Բառասնից Մանկանը եկեղեցիին դէմն ու դէմը թղթավաճառ Վարդգէսին խանութին մէջ տեսայ զինք։ Ներս մտած էի տետրակ մը դնելու: Ընկերս ըսաւ.– Այս մարդը բանաստեղծ է։

Զարմացայ, որ այդ բան նիհար մէկը կրնար բանաստեղծ րլյալ։ Տա­րիներ ետք կարդացի իր լղար մէկ գիրքը։ Պագշոտ բանաստեղծութիւններ էին։

1984ի Հոկտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ հանդիպեցայ Տոնճոյենցի թոռան։

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆը խանդավառ աղայ է։ Պոհեմ արուեստագէտ։ Անոնցմէ չէ, որ դրամ դիզելու ետեւէ կ *ըըան, ոչինչ մը տանելու համար գերեզման։

Ամբողջ Լիբանանր գիտէ, որ Զաւէնը պատրաստածէ Պիքֆայայի բարձունքէն դէպի երկինք ձգուող հայոց եղեռնի յուշարձանը։ Յուշարձան մը, զոր ստոր մարզիկ ականեցին, կարծելով թէ կրնան կործանել հայոց Մեծ Եղեռնին ձօնուած Յուշակոթողր։

Ռմբահար ապիկարներ, ամէն ապրող հայ յուշակոթող մըն է յանուն հայոց եղեռնին։ Հասկցանք, որ մեր յուշակոթողներուն վեր2չկայ... Զաւէնն էր, Աանուկեանն էր, Տիգրան Տատրեանն էր, Եւփիմէն էր ու ես էի։ Փարիղ, Վիշապ փողոց։ էք, տղաք, ըսաւ Զաւէնը, երթանք ու խմենք աղգին գրպանէն։

Ինչպէ թէ ազդին գրպանէն, Զաւէքն, հարց տուի ես։

Տղայ, յուշարձան մը կառուցեցի, ազդր փորձ մր ըրաւ հատուցելու գործս, քիչ մը դրամ ունիմ, երթանք խմենք։

Փարիզի մէջ մենք խմեցինք մեր մեծ մեռելներուն հոգիներուն համար։ Զաւէնն էր ըոողըԱնոնք գացին, վերադարձ չկայ իրենց, րայց հողը, պէտք է վերադառնայ...

Տիգրանր ըսաւ, հողը, խմելով չի վերադառնար...