Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/182

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մը գործը կը հաւնի։ Յաճախ, կարծիքներ ալ կը արուին մութին մէջ՝. Այսինքն, առանց տեսնելու գործր։

Գացի, ըսաւ Վարուժանը, ոչ միայն գացի այլեւ հաւնեցայ։ Կը գնա­հատեմ Վաչէ Ատրունին ու իր այս գործը։ Տղան գտած է թելին ծայրը, պէտք է շարունակէ։ Լաւին գէշ չենք կրնար ըսել։

Սիմոն Սիմոնեանր գոհ էր այս պատասխանէն, Լեւոն Վարդանը գոհ էր, բոլոր ներկաներր գոհ էին։ Ես չգգ^ացի հարցը տալուս։

ՍՈԻՐԷՆ ԵՐԷՑԵԱՆին եւ ԱԼԵ՝ՅՍԱՆ ՊԷՐԷՃԻ՝ՅԼԵԱՆին հանդիպէցայ Վենետիկի մէջ։ Երկուքն ալ հալէպցիներ էին։ Երկուքն ալ արուեստի մասին խօսիլ կու տան հայ թէ օտար մամուլը։

Ալեքսանր, այդ օրերուն, 1967ին, փոքր էր։ Սուրէնը, աւելի համարձակ։

Պատեցանք թանգարան ու պատկերասրահ։ Դիտեցինք իտալացի դասականները։ Նկարուեցանք վենետիկեան ջրանցքներու առջեւ, Ա. Մարկոսի հրապարակին վրայ։

Տարիներ ետք Սուրէնը տեսայ Հալէպի մէջ եւ Ալեքսա նԸ՝ Պէյրոլթի։ Այս վերջինր դարձած էր «Երիտասարդ Հայ»ի տղաներէն մէկը։

Հովերր ո՜*ւր տարին այս շնորհալի տղաքը։ Մեր տղաքր կարծես ստեղծուած են, որ աշխարհը զարդարեն...

Այդպէս կիսէր մեծ մայրս ա Գոհարը։ Գոհար մեծ մայրիկս կիսէր.- Աստուած ստեղծեր է հայը, որ ան լեոն ու քարաստանը վերածի պտղաս­ տանի։

Գեղեցիկ օր մը, Աուրէն Երէցեան, իտալական թեր թի մը որպէս թղթակից համապատասխան փաստաթուղթով, կը ներկայանայ Ժան Փօլ Սարթըրին, Փարիգ:

Յարտուղարուհին կը հարցնէ, թէ ժամադրութիւ ն ունի՞։ Աուրէն, ցոյց տալով իր ժուռնալիստի քարթը, կը յարէ.– ժամադրութիւն մը կ9ուգեմ։

Առնուած է ժամադրութիւնը հետեւեալ օրուան համար։

Աուրէն կր ներկայանայ։ Հարցազրոյցը կր սկսի, ապա կր մօտենայ իր աւարտին։ Վերջին հարցում մը եւս կարելի՜* է, կր հարցնէ թղթակից Աուրէն։ Խնդրեմ, կիսէ Աարթըր։

Լսած էի, թէ դուք հայոց մասին, հայոց արդար դատի մասին պիտի ըսէք ձեր խօսքր։ Ահա այսքան ժամանակ անցաւ ու դուք արդարութեան ախոյեան, լու ռ կր մնաք։ Արդեօք ինչո՜ւ։ ԶըԱա՜^յ թուրքերը ձեդ ալ կա­ շառած ըլլան որեւէ ձեւով...