Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/185

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երեւանի մէջ: Ահա թէինչպէսԱջափնեակի աջ կողմի առաջին պողոտա­յին վրայ կառուցուած էր շրջանին անդրանիկ սինեմասրահր։ Այդւոեղ որոշած են ցուցադրել Վահէ ՝Տաչայի «Գիշատիչներր»... գիրքին հիման վրայ ստեղծուածկինօֆիլմր։ Այդ օրերուն «Գարուն» ամսագիրի խմբա­գիր Վարդգէս Պետրոսեան, ինձմէ կր խնդրէ հանրութ՜եան ներկայացնել Վահէ ՝Իաչան, քանի որ իր խմբագրած ամսագիրին մէջ արդէն իսկ գրած էի ՝Իաչայի մասին։

Ինծի տրուած էր միայն ութ վայրկեան։ Հայաստանեան արտայայտութեամբ ութ րոպէ:

Անսովոր երեւոյթ էր: Ֆիլմի ցուցադրութենէն աոաջ ներկայացնել հեղինակը: Հինգ վայրկեան խօսեցայ Վահէ ՝Իաչայի մասին լեցուն սրահի մը առջեւ։

ԺԱՄԷՈԶԵԱՆ երկու եղբայրները ծնան ու մեծցան Պէյրութի մէջ։ Հայրերնին ժամագործ էր։ Անոր խանութը կր նայէր Պուր հի հրապարակին, Յարութին խանութին կից: Յարութը պասթուրմա կր ծախէր ու արձաններ կր պատրաստէր։ Գրած էր նաեւ թատրերգութիւն մը, որ Պուրճ Համուտի մէջ ներկայացուած էր ու ժողովուրդը, լալա հառաչ, հեղինակը կ*ո լզենք, հեղինակը կ*ուղենք պոռացած էր...

Ահա Տիգրանն ու իր եղբայրը շունչերնին առին Իտալիա։ էս իրենց հանդիպեցայ Միլանոյի Հայ Տունին մէջ, այն օրը երբ Սրապեան եղբայր­ ները կազմակերպած էին դասախօս ական երեկոյ մր, ուր ես պիտի խօսէի։ Տիգրանը ինծի մօտենալով.– Նայէ, եթէ չափազանցութիւններ ընես, կր սուլեմ։ Զափը չանցընես, երբ գովես Հայաստանր:

Հայաստանր, ըսի Տիգրանին, ծախու ապրանք չէ, որ գովեմ։ Հա­յաստանր մեր հայրենիքն է։ Մարգ իր հայրենիքը կր սիրէ այն վիճակին մէջ, որ կայ։

Միլւսնի մէջ Տիգրանը եկած էր մարզելու իր բնատուր ձայնր: Իսկ իր եղբայրը արդէն դարձած էր նկարիչ եւ մէկ քանի անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած:

Իրիկունը գացինք Միլանոյի իրենց բնակարանր։ Զոյգ սենեակը արուեստի տուն մըն էր - երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն:

Հետագային, երգիչ Տիգրանը տեսնելու երկու առիթ ունեցայ: Իսկ նկարիչ ժամկոչեան, 1984ին, որոշած էր շուրջերկրային ճամբորդութիւն մը կատարել ու բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցուցադրել կերպարուեստի իր նորագոյն գործերը, որոնք նուիրուած պիտի ըլլային մեր ցեղասպա­նութեան եօթանասունամեակին: