Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահ մը ապրեցան։ Արցունքի կաթիլներ լճացան տիկին Թրենցի ալքե­րուն մէջ: Հայր Թրենց զսպեց ինքզինք։ Զսպուած յուզումը անպայման աւելի խորունկ հետք կը ձգէ;

Այնուհետեւ խօսեցանք հայ դպրոցէն, հայ գրականութենէն։ Խօսե­ցանք «Մարմարա» օրաթերթի գրական էջին մասին, որուն տեւական մասնակցութիւն կը բերէր Գուրգէն Թրենց բանաստեղծութիւններով; «Մարմարա»ի գրական–մշակութային էջը թարմ օգի լուսամուտ մըն էր Թրենցին համար, Մարթայեանին համար, նաեւ նոր սերունդին համար։

Հինն ու նորը, Թրենցն ու Զահրատր, Մւսրթայեանն ու Խրախունին եւ Հատտէճեանը «Մարմարա»ի այս էջին վրայ կը միանային իրարու ու կը քացուէին հայ ընթերցողի հոգիին։

Սարը Երէն երկար քալեցինք ծովու ափով ու բարձրացանք բլուրն ի վեր։ Ըլուրի կտուրին էր ուսուցիչ ու բանաստեղծ Թրենցին տունը։

Այդ բարձունքէն կը դիտէր աշխարհն ու հայ աշխարհր, Թրենց իր աշակերտներուն, իր ընթերցողներուն կը պարզէր բնութեան ու մարդոց դասերը հայ մնալու, մարդ մնալու դասերը։

Թրենց, ինծի վստահեցաւ իր արխիւները, ղորս տարի Հայաստան։ Ինք թաղուեցաւ օտար հողի մէջ, բայց իր արխիւները հանգրուանեցան Հայաստան։

Թրենց գնաց։ 9իրր մնաց։ Իր աղնիւ գիրբ:

Զէի գիտեր, թէ 1970ի Օգոստոսի այդ Օրուան մեր հանդիպումը առաջինն էր ու վերջինը։

Իսթանպուլէն հայ բանաստեղծ մը պակսեցաւ։ Հայ գրականութեան պանթէոնին մէջ բանաստեղծ մը աւելցաւ։

Հալէպ 1985


Իր անունին պէս կծու յօդուածներ կը գրէր՛ Ծնած էր խիզախ։ Զէր կրնար վախկոտ բԱալ;

Շրջան մը եկաւ բնակեցաւ Պէյրութ ու դարձաւ օգնական խմբագիրը «Զարթօնք» օրաթերթին։

Որքան արադ կոչականներ կու տանք մարդոց մենք։ Այսինչը, կի­սենք գործակալ է։ Ըսելէ կր մտածե^նք, կը ստուգէինք։ 9՝իտե՜նք մեր ըսածին ծանրութիւնը, հետեւանքը։ Գիտենք թէ բառ մը, մէկը կրնայ դարձնել ողջ մեռեալ մինչեւ գերեզման։ 9փտե^նք արդեօք, որ մեր այդ