Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/190

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կեանքը վերջ մը ունէ, բայց անհատը կը շարունակէ ապրիլ իր գործերուն մէջ.՛ Դուք չէք գիտեր թէ որքան հայ երիտասարդներ կը սիրեն ձեր գործերուն մէջէն ձեզ։

Յիրաւի, երբ Հալէպ եկայ, Հայաստանի պոլիտեխնիկ ինստիտուտէն շրջանաւարտ երիտասարդի մը հանդիպեցայ, որ ըսաւ ինծի, թէ Ս. ճեւ - վահիրճեանի աշխատանքները պիտի վերցնէ դոկտորական թեղի համար։

ՆԻԿԱՆՈՐ ԲԱՐՐԱն, չիլիցի երկրռրդ անձնաւորութիւնն էր ու եւրկրորդ բանաստեղծը, որուն կր հանդիպէի:

Առաջինը, աշխարհահռչակ Փապլօ Ներուտան էր։ Այս մէկը, ոչ աշ­խարհահռչակ, բայղ արդէն անուն մըն էր ծանօթութեան լայն ծիրի մը սահմաններով։

իր գործերը հրատարակուած էին անգլերէնով, իտալերէնով եւ ֆրանսերէնով։

Ծանօթացանք Երեւանի մէջ, Արմենիա հիւրանոցին առջեւ։

Եկած էր Հայաստան Աովետական Գրողներու Միութեան հրաւէրո­ վը, մասնակցելու համար Աայեաթ Նովայի ծննդեան 250 ամեակի տօնա­կատարութեանց։

Հայաստանր, իրեն համար նոր երկիր էր։ Աայեաթ Նովան մեծան­ ծանօթ մը։

Երեք օր պիտի մնար Հայաստան։ Երեք օրուան մէջ միջին տարիքի հասած այս մարդը, որ ի զարմանս ինծի, Զիլիի մայրաքաղաքի համալսա­րանին բարձրագոյն մաթեմաթիքի դասախօսն էր, կ քուղէր ամէն բան իմանալ հայուն ու Հայաստանին մասին։

Երեք օր... երեք հազարամեայ, ես պիտի ըսէի տասհազարամեայ ժող ովուրդ մը հասկնալու համար։

Նիկանոր Բարրան շատ բան հասկցաւ։

Մենք, Արագիլի բարձունքին ճաշի նստեցանք, ուրկէ Բարրան դիտԵց Երեւանը։ Տեսաւ Վեհափառ Արարատը նկաըչագեղ յստակութեամբ, խնդրեց, որ հեռանամ սեղանէն։ Խորովածը պաղեցաւ, բայց Բարրան, Արարատի մասին գրեց սպաներէն իր առաջին բանաստեղծութիւնը,

Երբ կէս ժամ ետք դիս կանչեց, ըսաւ,– Արարատը բանաստեղծ կը դարձնէ սիրտ ու յոյզ ունեցող ոեւէ էակ...

Շատ խօսեցանք իր գրածներէն։ Տուաւ ֆրանսերէնի թարգմանուած ՒՐ ՂՐ–ԲՈյօներէն մէկը։ Խօսեցանք Աայեաթ Նռվայէն։

Յաջորդ օրը հանդիպեցանք հանդիսաւոր նիստին, ինքն ալ պէտք էր Ելոյթ ունենար Աւսյեաթ Նովայի մասին։