Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/191

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ահա բեմին վրայ է։ Ահա կը խօսի.– Սիրելի հայ բարեկամներթ եթէ ես Զիլիի գաւակ չրլյայի, պիտի ուգէի ըլլալ զաւակբ Աայեաթ Նովայի ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին։ Գտնուելով ձեր մէջ, ես սիրեցի ձեր երկի­րը, ձեր ժողովուրդը, ձեր Արարատը, իմ Արարատս, ու հիմա ես երկու ժողովուրդի, երկու երկրի կը պատկանիմ՝ Զիլիին ու Հայաստանին:

Դուք լսելու էիք հայ ժողովուրդի որոտընդոստ ծափերը, որոնք անկասկած ալիքուեցան... մինչեւ Զիլի, Սանթիակօ Տէ Զիլի։

Նիկ անոր Բարրային հետ էի ամբողջ երեք օր։ Լաւ կը խօսէր անգլերէն ու ֆրանսերէն։

Յայտնեց ինծի, թէ Ներուտայի հետ գիրք մը ստորագրած է միասնաբար, թէ Ներուտան իր մտերիմ բարեկամն է։

Յոռետես մտածումներ ալ ունէր Նիկանոր Բարրան։ Ան շարունակ կիսէր ինծի - Բոլորը մեղ խաբեցին, ահա հիմա, Լենինն է, որ մեղի կը օսի, եթէ Լենինն ալ մեզ խաբէ, արդեօք ի՞նչ պիտի ըԱայ մեր վիճակը։ Արդեօք մարդկութիւնը քարայրնե^րը պիտի վերադառնայ, պիտի վերա­ դառնա յ հոՂւ, ուրկէ սկսած էր մեր կեանքը։

Յուսադրուելու պէտք ունէիր։ Իր խօսքերուն դէմ ալիքուողը այս անգամիմխանդավաոութիւնս կիըար։

Նիկանոր Բարրայի մասին յօդուած մը ստորագրեցի «Գրական Թերթ» շաբաթաթերթին նէ^։ Երկու բանաստեղծութիւն թարգմանեցի ու հայ մամուլին մէջ տպել տուի։

Այնուհետեւ պոէմ մը գրեցի «Բաց Նամակ Նիկանոր Բարրային» խորագրեալ, որ շուտով լոյս կը տեսնէ «Թեւաւոր Իմ Զի» բանաստեղծու­ թիւներուս ժողովածոլին մէջ։

Զիլին միշտ ալեկոծ է։ Փապլօ Ներուտան չկայ։

Ի^նչ եղաւ արդեօք Նիկանոր Բարրան...

3. ԳՕՇԸ, ՅԱԸՈԻԹԻԻՆ ԶԱՏՆԻն է։ Ամմանի սակաւաթիւ հայ գրող­ ներէն մէկը, կրնանք րսել միակը։ Հիմա չկայ։ Տարագրութիւնը տեսած մարդ, արդէն քանի տարիէ ի վեր գնաց միացաւ իր սիրելիներուն։

կնոջս Արմինէին հետ Գամասկոսէն Ամման իջանք մէկ քանի ժամով, անկէ անցնելու համար Պէյրութ։

Ժամանակ ունէինք, ուզեցինք պտտիլ քաղաքի քղանցքին։ եր քալէինք դանդաղ ու կը զրուցէինք րարձր։

Խանութի մը առջեւ կարճահասակ ու նիհարաւուն մարդ մը կեցուց նեզ հայերէնով ու ըսաւ.– Հայ չէ՞ք փնտռեր արդեօք, ես հայ եմ։