Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/194

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բարձրացնէր եկողին բարեւ մը տալու համար։ Սա մեծամտութիւն շէր իր մօտ։ Շուքը ծանր էր։

Շատ անգամներ հանդիպած եմիրեն Պուրճի հրապարակին ւքրայ, երբ ես ու խաչեղբայրս՝ Գառնիկ Ադդարեանր, միասին կքըԱայինք։ Հա­լեցէք, կիսէր, իմ հաշւոյս ձեզի սուրճ մը խմցնեմ։ Գառնիկը կը նեղուէր ու կիսէր, այնպէս մր կը խօսիս, կարծես սուրճով մը հիւրասիրելը գանձ տալ ըԱայ, քու հաշւոյդ։

Կը խնդար։

Երեւան ուսանող էի։ Գերսամ Ահարոնեանը եկած էր Հայաստան։ Ուսանողական հաւաքոյթ մը կազմակերպեցի, ուր ելոյթ պիտի ունենար, խմբագիրը՝ ինքը։

Եղածը, մեծարանքի օր մըն էր։ Ես խօսեցայ խմբագիր, ուսուցիչ, պատմաբան ու կուսակցապետ Գերսամին մասին, իսկ ինք, եբիտասաբդ սփիւռքահայ ուսանողներուն կոչ ըրաւ օգտագործել ժամանակր, խցուիլ հայրենի հողի ու գիտութեան ուժով ու վերադառնալ Սփիւռք հայապահպանումի գործը առաւել ամուր հիմերու վրայ դնելու համար:

Հաւաքոյթէն ետք եր կար զրոյց ունեցանք; Ես հարց տուի, թէ երր պիտի պատրաստէ երիտասարդական խումը մը, որուն ան դամն երր տի­րապետ են արաբերէն լեզուին ու հայ զանգուածները լաւագոյնս ներ­կայացնեն արաբական աշխարհին։

քաղաքականօրէն արաբներէն հեռու կ՚ապրինք, նոյնր մշակութային գետնի վրայ։ Զէ՜* որ օգտակար չէ մեգի այս կեցուածքը։ Պետական պաշտօնի գլուխ հայեր չունինք։ Ո^ւր պիտի հասնինք այսպէս:

Մտիկ ըրաւ ու հատիկ-հատիկ ըսաւ.– Սիրելիս, այո, մինչեւ այսօր այս կարեւոր հարցը գրեթէ անտեսածենք։ Նոր սերունդը սակայն սկսաւ սորվիլ արաբերէն։ Սուտով կունենանք քատրեւր: Արդէն սկսած ենք լուրջ ուշադրութիւն դարձնել այս հարցին վրայ։

Ուրիշ հարցեր չկա^ն։

Ըսի, ձեր հաշւոյն կուզէի սուրճ մր խմել։ Խնդաց։ Այդ է*ԸԱայ՛ ըսաւ, Պէյրութի նէջ, երբ Գառնիկն ալ հետդ ըրայ. ըսէ, ուրիշ հարցեր ալ կա^ն միտքդ չարչրկող։

Սքանչելի հայ տղաք ներգաղթեցին, ըսի, մեր անմիջական շրջան ակներէն, պիտի ուղէի, որ մեր սփիւռքահայ մամուլը, «Զարթ՜օնք»ը յատկապէս* չմոռնայ անոնց գոյութիւնը։ Այսինքն գրէ, դրուատէ արժանաւ որներր։ Անոնք եկան եւ իրենց րոլոր ուժերը տրամադրեցին հայրենիքին։

Զանի որ քեզմէ եկաւ առաջարկը, ըսաւ հերսամ, ուրեմն բացումն ալ դուն ըրէ։ հ՝բէ, բեր, տանիմ տպեմ։

Երկու օր ետք, ընդարձակ յօդուած մր բերի սքանչելի հայրենադարձի մը մասին Առաքել Պատրիկի մասին։ Տարաւ տպեդ։