Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/195

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը յիշեմ Պատրիկը, ծերունադարդ ու հմայիչ այդ հայը մեր տունը եկաւ իր մասին տպոլածյօդուածս ձեռքին ու ըսաւ,– կեանքիս մէջ առաջին անգամն է, որ իմ մասիս յօդուած մը կը գրուի: Յուղուած էր Գանիէլ Վարուժանի աշակերտը։

Շասր մարդիկ կան, որոնք կեանք մը ամբողջ կը նուիրեն աղգին ու չեն արժանանար շնորհակալ խօսքի։

Գերսամը: Վերջին անգամ դինք տեսայ դարձեալ Հայաստանի մէջ 1980ին: Հրաւիրուած էի Հայաստանի խորհրդայնացման վաթսունամ՜ եակին:

էրկար զրոյց ունեցայ Գերսամ Ահարոնեանին հետ: Դաոնութիւններ ունէր, պատմեց։ Ինքգինք լաւ կը զգար։ Յուզումովբաժնուեցայ այս հաստաբուն ծաոէն, որ աւա՜ղ, շուտով պիտի տապալէր...

Գերսամ Ահարոնեանի մահով Սփիւռքը շատ բան կորսնցուց...

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂՊԱՇԵԱՆին «Ժողովուրդի Ջայն»ր կիպրոսի մէջ սկսայ կարդալ 1944ին։ Ջինք չէի ճանչնար: Ըսին ինծի, թ՜է Աղպաշեանը Մելգոնեանէն կիսաւարտ է։ ճաչարանա պետ մը ունէինք։ Յարութիւն Ըարոյեան անունով, խարբերդցի հայ մը, որ կիսէր, Թորոս, Մելգոնեանէն տեղ հասան անոնք, որոնք թերաւարտ են ու օրինակներ տալու համար կըսէր.– Մուշեղ Եշխան, Յովհաննէս Աղպաշեան...

Ես ալ ամէն ինչ ըրի թերաւարտ ըԱալու համար...

Աղպաշեանին ծանօթացայ 1946ին։ Ներգաղթի խանդավաո օրեր էին։ «Ժողովուրդի Զայն» օրաթերթը լոյս կը տեսնէր երբեմն օրը տասը հագար տպաքանակով, ոը մրցանշային թիւ էր։

Հալէպէն Պէյրութ կու գայի թեըթին կիրակնօըեայ թիլերը անձամբ տանելու համար։ Աղպաշեանը ինծի կու տար երկու լիբանանեան, որ՜ պէսզի գիշնրը օթէ լի մը մէջ քնանամ ել առաւօտ կանուխ Հալէպի երեք հազար օրինակները տանիմ։

Յաջորդ շաբաթ, երբ Պէյրութ կու գայի, կը վերադարձնէի երկու ոսկին ըսելով.. Ընկեր Աղպաշեան, օթէլ չգացի, գիշեըը տպարանին մէջ քնացայ, թերթերուն վրայ... Վերցուցէք այս երկու ոսկին, օգտագործեցէք թեր թին համար։

Թերթին համար, Աղպաշեանը աւելի մեծ ղոհոգութիւննեը ըրած Էր: Շատ անգամ անօթի մնացած էր։ Աղպաշեանը աղքատ ապրեցաւ իր երկարատեւ կեանքի բոլոը տարիներուն րնթացքին։ Ըայց հարստացուց մեր գաղութները։