Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/196

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ջղուտ հրապարակագիր, երգիծագիր ու բանաստեղծ է ան։ Բայց չհասաւ իր լի արժէք փթթումին:

Պէտք եղածէն աւելի համեստ: Լաւ արաբերէն գիտէ: Իր թարգմանութիւնները հայերէնէ արաբերէն եւ հակառակը, ամէն կողմ խանդավառութեամր րնդունուածեն:

Ոմանք, շրջան մը, չինական գործակալ ըսին այս մարդուն:

Յովհաննէս Աղպաշեանը գործակալ ըԱաէու համար ծնածչէ։ Եթէ կայ գործակալութիւն մը, ի հաշիւ որուն իր արիւնն ալ կու տայ, ատիկա հայ ժողովուրդն է։ Կրնայ միայն հայուն գործակալը ըԱալ։

Իր կեանքին մասին, իր տառապանքներուն եւ զոհողութիւններուն, իր բանտարկութիւններուն, ձերբակալութիւններուն եւ փախուստներուն մասին կարելի է վէպ գրել։

Ո^վ պիտի գրէ: Ինք պէտք է գրէ: Ըսի իրեն անցեալները, հիմա, յարաբերաբար մեկուսի կեանք մը կ՚ապրիս, ուրիշներուն թոգ կռուող ու մեռնող Պէյրութի փողոցներն ու շուկաները նկարագրելր, կեանքիդ վէպը գրէք քանի ուշ չէ։ Ո^վ պիտի լոյսին բերէ կեանքիդ հարուստ փորձառութիւնները...

Մտածենք, ըսաւ ու աւելցուր.- Թէեւ բաներ մը գրած եմ...

Այդ ուժը պիտի ունենա^յ Յովհաննէս Աղպաշեանը:

Երանի թէ։

ԿԱՈԱՊԵՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆր Կիպրոս կապրի։ Ինծի այնպէս կը թուիէ որ հազար տարիէ հոն կապրի։ Այնքան լաւ գիտէ Կիպրոսն ու կիպրացին, մանարանդ կիպրահայերը։ Բառասուն տարիէ ի վեր կը ճանչնամ զինք։ Թէեւ մելգոնեանցի եմ ու ինք երկար տարիներ պաշտօնավարած է այդ կրթական հաստատութեան մէջ, բայց ուսուցիչս չէ եդած։

Այլապէս սա կայն, ուսուցիչս է։

Ամէն ան գամ, որ զիս կը տեսնէր դպրոցին մէջ գիրք մը կամ թերթ մը ձեռքիս, կը նայէր# լաւ էք լաւ է կիսէր, աւելցնելով.– Ուրկէ՞ ձեռքդ անցաւ։

Ընկեր Վեքիլեանը տուաւէ կիսէի։ Կը ժպտէրք կարդա չկիսէր ցած ձայնով մը, կարդա, Մելգոնեանը զարգանալու համար սքանչելի դպրոց է։

Փափազեանը այս սքանչելի դպրոցին ծառայեց տասնամեակներով ու այսօր ալ կը ծառայէ որպէս հոգաբարձու։ Ուսուցչութի՜ւն, իր այդ պատուական գործը շարունակողր աղջիկն է, հարազատ դպրոցին մէջ։

Երեք տարի առաջ Կիպրոս գացի։ Կ՝տայ զինք իր ընտանեկան ջերմ