Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/202

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տղաքը, անցեալին, միշտ վերապահուած է ժենեւրալ Լէոթէյին։ ժեներալ Լէոթէն, ֆրանսացի այն զինուորականն էր, որ կրցաւ գրաւել Մարոքը: Խորամանկ մարդ էր։ Միտքս պղտորեցաւ: Ու ահա, յանկարծ տղաներէն մէկը րսաւ, այս ժեներալր Տոքթ. Թորանեան, ձեզի պէս սիր ած է գրականութիւնէւ, յատկապէս բանաստեղծութիւնը: Գրաւող բանակի հրամանատար... եւ սէր բանաստեղծութեան հանդէպ։ Զարմացայ: Այնուամենայնիւ համաձայն չեղայ քնանալ այդ սենեակին մէջ, ուր կը պահուէին գիրքերը, զէնքերը, առարկաները պատմութեան անցած ֆրանսացի ժեներալին:

Ժամանակը ուշ էր, փոքր ժամերը սկսած էին, տղաքը մէկիկ մէկիկ ինծի բաբի գիշեր մաղթելով, երբ դուրս կքեըէին, անոնցմէ մէկը ըսաւ.– Ժեներալ Լէոթէն, մտերիմ բարեկամն էր ֆրանսացի բանաստեղծ Փիեռ Լոթիին։

Օձէ խայթուածի պէս վեր թռայ: Ես այստեղ չեմքնանար, ըսի: Տրղաքը անակնկալի եկան: Ոացատրեցի պատճառր։ Ըսի, թէ հայոց հասցէին ինչ ԷԱվիթւ խօսքեր ըսածէ այս չբանաստեղծը ու ինչպէս իրեն մատուցւած թրքուհիներու հաշւոյն գովաբանած թուրքը:

Չմոռցայ աւելցնելու թուրք բանաստեղծ Նազըմ Հիքմէթին խօսքն ալ, բանաստեղծ, որ քաջ գիտնալով կեղծաւորութիւնը ֆրանսացիին, գրած է.

- Հէյ, Փիեռ Լոթի, այսինքն ով Փիեռ Լոթի, մեղի աւելի մօտ է թիֆոյիտի ոջիլը, քան թէ դուն:

Ոժշկական ուսանողը իր սենեակը տուաւ ինծի ու ինք քնացաւ ժեներալ Լէոթէյի սենեակին մէջ:

Զո^վ փնտռելու եկած էի Նանսի, եւ ինչ գտայ...

ՑՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՌԻԿԵԱՆը անուանի գրող մր չէ, բայց հոգւով սրտով բանաստեղծ է: Ւրեն համար կրնամ ըսել, թէ եղեռնի զո հերէն է։ Ծնած է Այնթապ ու հազիւ գրաճանաչ շունչը առածէ, տարագրութեան ճամրաները կտրելէ ետք, Հալէպ:

Ւնքնաշխատութեան հաւատացող մըն է եւ տիպար ընթերցող մը։ Ոիչ անգամ հանդիպած եմ իր հենքէն վարպետ արհեստաւորի մը, որ այսքան կապուածԸԱայ գրականութեան:

Ընթերցող, վերլուծող, լոյսին եկած իւրաքանչիւր լաւ գիրքով ուրա­խացող մըն է։