Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/203

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շուրջ քառասուն տարիէ ի վեր կը ճանչնամ զէնք: Ու այս չորս տասնամեակներու ընթացքին, այս մարդուն մէջ գրականութեան հանդէպ սիրոյ կրակր միշտ մնացած է րոցարծարծ:

Ջարդուած մեքենաներ կը նորոգէ ու գրականութեան մասին կը խօսի։ Դասախօսութիւնն եր կը կարդայ զանազան ակումբներու մէջ: Յօդլածներ կը գրէ քիչ մը ամէն տեղ։ Ունի երկրին համն ու բոյրր ունեցող լեզու: Իր գրածներով կրնայ հրատարակել ստուար երկուհատոր։

քաջալերած է Հալէպ մեծցածբոլոր սկսնակները, եղած է բոլորին բարեկամը աւագ ընկերը։

Իր տունը կը կանչէր ուր որ գրողի մը հանդիպէր։ Դիրի պաշտամունք ունէր եւ ունի։ Ես իր տան մէջ տեսած եմշատ գրողներ Լեւոն Վարդանը, Նշան Շահէնը, Զարեհ Մելքոնեանը, Անդրանիկ Նաճարեանը։ Հայրենա­դարձս ւթեն է աոաջիր մօտ շատ գտնուած են Անդրանիկ Թէրգեանը, Արամ Արմանը, Լենինական ապրող Մուշեղ Թահմիգեանը, Պետրոս Պար­գեւը, Մարտիրոս Գուշագճեանը եւ այնքան ուրիշներ։

Դուրսէն եթէ մէկը գար, կը հրաւիրէր իր տունը։ Օրինակ Անդրանիկ Անդրէասեանր։

Գիրք չէ հրատարակած, րայց կը մնայ մեծ գրասէրն ու գրամոլը։ Տարիներէ ի վեր, սովորութիւն ըրած եմ յաճախ հանդիպիլ հայ դիրի այս մեծ սիրահարին, որ արդէն իր ութներորդ տասնամեակը կապրի։

Իիչ են այս հենքէն մարդիկ, շատ քիչ։

ԷՏՄՈՆ ԱՈՏԱԼԱԶԵԱՆը ներկայիս կը կոչ/յլի Երուանդ Աղատեան։ Պէյըոլթի եէջ ծանօթացայ իրեն այն օրերուն, երբ համալսարանական էր ու կարծէք երկուորեակ եղբայրը ըըար Գասպար Տէրտէըեանին։

Այնպէս պատահեցաւ, որ դրացիներ ալ եղանք։ մեր տունէն մէկ շէնք վեր կը բնակէր։ Ուրիշ պատճաոներ ալ աւելցան, որ մենք դառնանք բարեկամներ։

էտմոնը, կարծէք գաղտնի, րայց ինչո^ւ արդեօք, բանաստեղծութիւններ ալ կը գրէր, բայգ չէր հրատարակեր։

Գիշեր մը մեր Պէյրութի բնակարանին մէջ հաւաքուած էինք խումբ մը գրողներով։ Ներկայ էին Յովհաննէս Աղպաշեանը, Գառնիկ Ադդարեանը, Գասպար Տէրտէրեանը, էտմոն Աոտալագեանը եւ ուրիշներ, որոնք սա րոպէին կը վրիպին յիշողութենէս։

կարծէք երեկոն կազմակերպուած ըըար կոտալագեանին համար։ Հարցր հետեւեալն էր.– էտմոնը հրաւիրուած էր Գահիրէ, խմբագրելու