Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/204

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համար «Արեւ»ր։ Ու ներկաները միահամուռ դէմ էին այս առաջարկին։ Միակ կողմ եղողը ես էի։ Թող երթայ, ըսի, էամոնի պէս գրական ճաշակ ունեցող հայրենասէր աղայ մը, դառնայ «Արեւ»ի խմբագիր։ Ե^նչն է վատը այս երեւոյթին մէջ։

կերթայ կը կորսուի, կիսէին րոլորը։ Եսկ ինքը, էտմոնը, շարունակ կր կրկնէր - միայն վեց ամսուան փորձի մը համար պիտի երթամ։

Գնաց։ Եսկապէս լաւ խմբագրեց «Արեւ»ը ու հոն մնաց ութ տարի։ Անցաւ Ամերիկա, կարծեմ Հայր Եղիա Փեչիկեանի առաջարկով ու կնքահայրութեամբ Աեւանայ լիճին մէջ մկրտուեցաւ եւ կոչուեցաւ Երուանդ եւ ստացաւ նոր ազգանուն մըն ալ ու դարձաւ Երուանդ Աղատեան։

Եր հասակը երկայն չէր. իսկ մեր հասարակական աշխատանքներր այնքան խորունկ էին, որ Երուանդ Ազատեանը շուտով կորսուեցաւ հայ ազգային հասարակական աշխատանքներու ովկիանոսին, պիտի ըսէի լաբիւրինդոսին մէջ։

Ալ ինչպէ՞ս գրականութիւն մշակէր։ Բայց մշակեց։ Դարձաւ ներհուն գրական քննադատ։

Երբ բեմէն կը խօսի, մտիկ կինէք ղինք։ Երբ յօդուած մը կը գրէ, զուլալ հայերէնով, անպայման ուշադրութեամբ կը կարդաք եւ տողերու տրամաբանութեան տոկացող արանքէն կը տեսնէք բանաստեղծը։

Մեր հասարակական աշխատանքներր նուիրեալ մը շահեցան։ Սփիւռքահայ գրականութիւնը %շնորհալի քննադատ մը։

Ամէն տեղ է Երուանդ Աղատեան մեր հասարակական աշխատանքներուն մէջ մերթխմբագիր է, յաճախ դասախօս եւ միշտ կազմակերպիչ։

Ջինք տեսայ Նիւ Եորքի մէջ Տիթրոյթի մէջ։ Միշտ զբաղած է։ կատակ մը անգամընելու առիթը չունեցայ հին օրերու հաշւոյն։

Բաշխուող լոյս մըն է Երուանդ Ազատեանը։

ԳԱՍՊԱՈ ՏԷՈՏԷՈԵԱՆին ծանօթացայ պէյրութեան հանրակառքի մը մէջ, երբ ինք, թեւերուն տակ տրցակ մը գիրք Ամերիկեան Հա­մալսարանէն Պապ Իտրիս թաղը կ իջնէր։

Ենքը ծանօթութիւն տուաւ ու խօսեցանք։ Այդպէս սկսաւ մեր բա­րեկամութիւնը, որ կրնայ վերջանալ մեր կեանքին հետ։

Տրամաբանելը, վերլուծելը, իր մտածելու, խօսելու հիմնական գիծն էր:

Այնքան տրամաբանեց, վերլուծեց, որ ի վերջոյ դարձաւ փաստաբան։ Այնքան տրամաբանեց, վերլուծեց, որ չկրցաւ ամուսնանալ իր սիրած, եւ այնքան սիրած աղջկան հետ։