Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/206

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեր մշակոյթին նուիրուած տակաւին քանի քանի տղաք կան հոս ու հոն, Պէյրութ եւ այլուր որոնց կապուած եմ հոգիի հազար թելերով, որոնց հետ խօսած, վիճած: վերլուծած ենք մեր կեանքը, մեր մշակոյթը, հայ կեանքն ու մշակոյթը։

ԵՐՈՒԱՆԴ ՅԱՍՈՒՆԻն ահա, որ Հալէպէն մեկնեցաւ Պէյրութ ու դարձաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հիմնադիր խմբագիր։ Եր տունը, հայ մշակոյթի մթնոլորտով յագեցած է։ Կինը ԺԱ ՆԷԹ ԲԱ ՍՈՒ ՆԻն, նոյնպէս կը ծաոայէ մեր մշակոյթին։ Երուանդ պատմաբան է։ ժանէթը պատմուածքներ կը գրէ։

Տեսնելու բան էր, թէ ինչպէս տէր եւ տիկին Թասունին երբ կքընէին իրենց ամբողջ կարելին, երբ հիւր ունէին հայրենի արուեստաբան Լեւոն Հախվերտեանը։

Ռումբերու որոտին տակ, պատերուն քիւերուն տակէն քալելով, գիշեր մը, Գառնիկ Ադդարեանին հետ գացինք Թասունիներուն, որ Հախ­վերտեանը տեսնենք։

Հախվերտեանն էր ըսողը,– Այս կոշմորային գիշերում, ինչպէ^ս եկաք, այ տղաք։

Հայ մշակոյթի սէրն էր մեզ բերողը։

Մշտեռանդ ԼԵՒՈՆ ԹՈՈՈՍԵԱՆը կը յիշեմ իր ուսանողական օրերէն մինչեւ ուսուցիչ դառնալը։ Մինչեւ Վիեննա մեկնիլը։

Տարիներով չտեսայ զինք. վերջապէս, 1984ի Հոկտեմբերին, մէկ քանի Օր միասին եղանք Յակոբ Վարդեվառեանին տան մէջ ի Նիւ ճըրզի։

Կարօտով պատմեցինք հին օրերէն։ Թատրոնի, մշակոյթի սիրահար է Լեւոն թորոսեան։ Ոայց Կ*ապրի մեր զանգուածէն հեռու Վիեննա։

Ւսկ հայրը՝ ՅԱԿՈՈ ԹՈՈՈՍԵԱՆը, հիմա արդէն ծերունազարդ, կատարեալ համայնագիտարան մը։ Շարունակ կը գրէ: Գացած եմ իր Պէյ՜բութի տունը։ Մեղմ, բարի մարգ մը, որ աշխարհ եկած է միայն աշխատելու համար, երբեք վայելելու։