Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/207

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ափիւռքահայ մամուլին մէջ մէկ քանի հազար յօդուած ունի: Այս թիւր չափազանցութիւն շէ: Ի՞նչ նիւթեր կը չօշափէ: Աւելի ճիշդ կըլյայ ըսել ի^նչ նիւթեր չի շօշափեր Յակոբ Թորոսեանը, որ երբեմն երգիծաբան է Հայ Դիտակ ստորագրութեամր, ժամանակ մը Փշիկ կը ստորագբէր։ Ահա օր մը թատրերգութիւննեբ կը գրէ, օր մը կրօնները կուսումնասիրէ, ուրիշ օր մը հայ լեզուի մաքրութեան մասին կը խօսի, այսօր խօսքը Վիեննայի մասին է, երէկ Հայաստանի մասին էր... շունչդ կը կտրուի... Բայց եթէ հարց տան, թէ Յակոբ Թորոսեանը մեր գրականութեան մէջ ինչ տեղ գրաւած է, կը շուարինք պատասխանել։ Մարգը գրաւելու համար չէ ծնած, անուն շահելու համար չէ ծնած, ծնած է օգտակար ըըալու հա­ մար, ահա Յակոբ Թորոսեանը, որուն հանդէպ որդիական սէր ունիմ։ Իր աղան ալ քիչ մը իր հայրն էր։ Ինչո՞ւ տարբեր ըըար։

Այսպէս են հայր եւ որդի այս մուսալեռցիները։

ԴԷՈԲԳ ՎԱԲԴԱՊԵՏ ՆԱԲՊԻՍԵԱՆը կը յիշեմ: Ծառայասէր ու գրասէր եկեղեցական մըն էր։ Բիչ ան գամ գտնուող լսւրջ եկեղեցական մը։

Պէյրութ կօգտուէի իր գրադարանէն։ Մեռաւ ծովամոյն, մեզ սուգի մատնելով։ Զէյթունցի մր լերան վրայ պիտի մեռնէր զէն ի ձեռին եւ ոչ թէ կուլ երթար ծովի ախքներուն։ Այդ ալ պզտիկ ծովի մը։ Միջերկ­ րականի.... ուր փոքրիկ մր ազատելէ ետք, ինք եղաւ ծովամոյն։

Բժիշկ ԳԷՈՐԳ ԲԷՇԻՇԵԱՆը Հալէպէն գիտեմ, երբ Միսիոն էայք, ֆրանսական Բոլէճի ուսանող էր։ Փոքր զրոյցներ կունենայինք։ Դաղթեց Պէյրութ, դարձաւ բժիշկ։ Հեդինակեց բժշկական գիրքեր. ու յանկարծ ձայնը եկաւ Ամերիկայէն։

Նուիրեալ աղայ մըն է, երբեմն կը սիրէ չափաղանցութիւններր։

Տիթրոյթ է ինք, Բարեգործականի մէկ սեմինարին, ուր զեկոյցով հան­դէս եկանք Մ Հայկենցը, Մարի Գասպարեանն ու ես։

Եզրափակիչ ճաշկերոյթի երեկոյթին ատենավարր բժիշկ Դէորգ Բէշիշեանն էր։ Բարձրախօսին առջեւն է ինք. երեկոյին ներկայ է, նոյն երե­կոյին տուն տուողը բարերար, Հ.Բ.Ը.Միութեան ցկեանս նախագահ՝ Ալեք Մանոլկեանը։