Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/209

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱԿՈԲ ՊՕՂՈՍԵԱՆը կը մոռց ուի**: Այս տղան ալ «Արական Շր^անակ»ի պտուղներէն է։ Մուր վիճող մը, ժպտացող աղայ մրն է: Ովքե՜°ր են շ ուր ջիններբ, նկատի չունենար։ Ինք հաւատարիմ է իր գաղափարներուն եւ քննադատի սուրը միշտ պատեանէն դուրս է։

Ես միշտ այնպէս զգացած եմ, որ եղբայրս է Յակոբը:

Հրապարակագիր է:

Վերջերս, միասին դիտեցինք բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին «Ծաոր»: Իրարու մօտ նստած էինք։ Ալքերուս մէջ արցունք կար։ Տեսայ, որ Յակոբին ալքերն ալ մշուշուած էին։

Տոքթ. ՍԱՐԴԻՍ 9ԱՐԱՅԵԱՆը, ՄԵԼՀՈՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆը, ՎԱՐԴԴԷՍ ՍԵՐԱՅՏԱՐԵԱՆը։ Ասոնք երեքն ալ դասընկերներս եղած են Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ, երբ մեր տարիքը մեր առաջին տասնամեակը կը բոլորէր։

Զէի գիտեր, որ ուշ, շատ ուշ, տասնամեակներ ետք, այս ընկերներս գրիչ պիտի վերցնեն ու ազգային հասարակական նիւթեր պիտի շօշափեն։

Սարգիսն ու Մելքոնր անցան Ամերիկա։ Վարդգէսը կր մնայ Պէյրութ։ Մէկը ուսուցիչ է, միւսը ։ առեւտրական։

Երկուքն ալ ծառայողներ են ազգին։

Մեթր ՆԱԶԱՐ Պ. ՆԱԶԱՐԵԱՆը կը ճանլնամ տղայ հասակէս։ Հալէպք եիւլպէնկեան նախակըթարանը կը յաճախէի։ Հազիւ կայի տասը տարեկան։ Ամէն առաւօտ ճտէյտէ թաղամասի իրենց տունին առջեւ էն անցնելու պահուս, կը տեսնէի զինք տրցակ մը գիրք ի ձեռին։

Վիսէին, թէ արաբական դպրոց կերթայ։ Րառասունական թուա­կաններուն, հայոլ մը արաբական դպրոց երթալը տարօրինակ երեւոյթ Էր։

Տարիները, կարապներու լուն ինլպէս կապոյտ երկինքէն, անցան։

Մշակոյթի սէրը մեղ իրար մօտ բերաւ։ Նաղար Նադարեանր արա–